Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ կը քանդուին գործարար Սամուէլ Կարապետեանի լուսանկարով եւ «Ազատութիւն Սամուէլ Կարապետեանին» գրառմամբ պաստառները, որոնք տեղադրուած են «Տաշիր Սթրիթ» առեւտուրի կեդրոնի մուտքերուն մօտ։
Քանդման աշխատանքը կ’իրականացնեն Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակիցները։
Յունիս 18-ին Հայաստանի Ներքին գործերու նախարարութեան Կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան աշխատակիցները ձերբակալած են «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ եւ հիմնադիր Սամուէլ Կարապետեանը:
Ան կը մեղադրուի իշխանութիւնը զաւթելու հրապարակային կոչ ընելու համար:
Գործարարը չ’ընդունիր մեղքը:
Երեւանի դատարանը զայն երկու ամիսով կալանաւորած է:

