Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յանցաւոր Խումբի Ղեկավարներու Եւ Անդամներու Բնակարաններուն Մէջ Յայտնաբերուած Են Զէնքեր, ԱԹՍ Եւ Այլ Իրեր. Կայ 14 Ձերբակալուած

Յանցաւոր Խումբի Ղեկավարներու Եւ Անդամներու Բնակարաններուն Մէջ Յայտնաբերուած Են Զէնքեր, ԱԹՍ Եւ Այլ Իրեր. Կայ 14 Ձերբակալուած

Բագրատ Գալստանեանին Մեղադրանք Ներկայացուած Է

by MassisPost

«Սրբազան Պայքար» անուանումը կրող շարժման ղեկավարներու եւ մասնակիցներու կողմէ ահաբեկչութեան եւ իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութիւն կատարելու դէպքերու առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ ՀՀ Քննչական Կոմիտէի քննիչներուն կողմէ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան եւ ՀՀ Ներքին գործերու նախարարութեան ոստիկանութեան աշխատակիցներուն հետ համատեղ իրականացուած են աւելի քան 9 տասնեակ խուզարկութիւններ:

ՔԿ հաղորդագրութեան համաձայն՝ անոնց բերումով յայտնաբերուած են նշուած յանցագործութիւններուն առնչուող, նախաքննութեամբ ձեռք բերուած տուեալները հաստատող առարկաներ եւ փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ ապացուցողական նշանակութիւն ունեցող անհերքելի այլ փաստական տուեալներ, այդ շարքին՝ հրազէն եւ ռազմամթերք, գործողութիւններու ծրագրեր, հաւաքագրուած անձերու ցուցակներ, մետաղական իրեր, ճայթռուկներ, ծխարձակող միջոցներ, զինուորական հանդերձանք, ռատիոկապի միջոցներ, անօդաչու թռչող սարքեր, թմրամիջոցի նմանող բուսական զանգուածներ, բռնի կերպով իշխանութիւնը իւրացնելէ յետոյ գործադիր իշխանութեան համապատասխան պաշտօններու նշանակուող անձերու ցուցակ, յանցաւոր խումբի կողմէ իրականացուելիք ապօրինի գործողութիւններու մանրակրկիտ ծրագրաւորման, անոնց հերթականութեան, ժամանակագրութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր եւ այլն:

«Քննիչի միջնորդութեան հիման վրայ հսկող դատախազի կողմից որոշումներ են կայացուել 16 անձի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու վերաբերեալ, որոնք բաւարարուել են։ Այս պահին քննիչի որոշումների հիման վրայ ձերբակալուել է 14 անձ: Քրէական վարոյթի հետագայ ընթացքի մասին Քննչական կոմիտէն հանդէս կու գայ լրացուցիչ հաղորդագրութեամբ։ Նախաքննութիւնը շարունակւում է»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Բագրատ Գալստանեանին մեղադրանք ներկայացուած է՝ ահաբեկչութիւն, զանգուածային անկարգութիւն յօդուածներով:

Այս մասին լրատուամիջոցներուն ըսած է վերջինիս փաստաբանը:

Արքեպիսկոպոսական տիտղոսը եւ հոգեւորականի կարգավիճակը սառեցուցած, «Սրբազան Պայքար» անունը կրող շարժումը գլխաւորող Բագրատ Գալստանեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն պիտի ներկայացուի դատարան:

Յիշեցնենք՝ Քննչական Կոմիտէի հաղորդագրութեան համաձայն՝ «Սրբազան Պայքար»-ի մասնակիցները եւ ղեկավարները ծրագրաւորած են Հայաստանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ: Ծրագրաւորման մասնակցած են շարք մը անձեր, ներգրաւուած են նախկին ոստիկաններ ու զինուորականներ:

Հրապարակուած են այս ամէնը հաստատող ձայնագրութիւններ եւս, որոնց մէջ տարատեսակ ցուցումներ կու տայ, ծրագրեր կը ներկայացնէ նոյնինքն Գալստանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment