2024 թուականի ընթացքին ինչպէս ընթացիկ, այնպէս ալ աւարտած քրէական վարութներով պետութեան եւ համայնքներուն պատճառուած շուրջ 42 միլիառ դրամի (108 միլիոն տոլար) վնաս վերականգնուած է։
Այս մասին նշուած է ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան 2024 թուականի գործունէութեան հաղորդման մէջ։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ վերականգնուած վնասի գերակշիռ մասը՝ շուրջ 37 միլիառ 600 միլիոն դրամը, վերականգնուած է Գլխաւոր Դատախազութեան տնտեսական գործունէութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան դատախազներու հսկողութեան ներքոյ քննուող քրէական վարոյթներու շրջանակին մէջ։
Համեմատութեան համար՝ 2023 թուականին վերականգնուած էր շուրջ 34 միլիառ 300 միլիոն դրամի վնաս։
Այսպիսով, 2024 թուականին նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ վերականգնուած է աւելի քան 7 միլիառ 500 միլիոն դրամով աւելի գումար։

