Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Զանգեզուրի Միջանցքի» Հարցը Չէ Քննարկուած Պաքուի Մէջ. Լրատուամիջոցները Կեղծ Լուրեր Տարածած Են». Չինաստանը Յայտարարած Է ՀՀ Տարածքային Ամբողջականութիւնը Յարգելու Մասին

«Զանգեզուրի Միջանցքի» Հարցը Չէ Քննարկուած Պաքուի Մէջ. Լրատուամիջոցները Կեղծ Լուրեր Տարածած Են». Չինաստանը Յայտարարած Է ՀՀ Տարածքային Ամբողջականութիւնը Յարգելու Մասին

by MassisPost

Չինաստանի պատուիրակութիւնը Պաքուի մէջ չէ բարձրացուցած եւ չէ քննարկած, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցը, իսկ լրատուամիջոցներուն մէջ այս հարցին շուրջ յայտնուած յայտարարութիւնները կեղծ են եւ անարժանահաւատ։ «Sputnik Արմէնիա» թղթակիցի այս մասին հարցումին ի պատասխան յայտնած է Չինաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Մին Չենը։

Մին Չեն հաստատած է, որ չինական պատուիրակութիւնը իսկապէս մասնակցած է Պաքուի մէջ կայացած «Ատրպէյճան-Չինաստան. ռազմավարական գործընկերութիւն, համախմբում եւ համագործակցութեան յառաջմղում համաշխարհային հարաւի մէջ» համաժողովին։ Միջոցառման շրջանակներուն մէջ քննարկուած են «Գօտի եւ ճանապարհ» նախաձեռնութեան ու Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ անոր աշխոյժ զարգացման առնչուող հարցեր։

«Փեքինը հաստատակամօրէն հաւատարիմ է Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի դիրքորոշման: Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Չինաստանի բարեկամ գործընկերներն են, եւ մենք կը կարծենք, որ բոլոր տարաձայնութիւնները պէտք է լուծուին քաղաքական երկխօսութեան միջոցով»,- ըսած է դիւանագէտը։

Ան ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ Չինաստանի կողմէ յառաջ մղուող «Գօտի եւ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը կոչուած է նպաստելու խաղաղութեան ու զարգացման ամրապնդման։ Փեքին, վստահեցուցած է Մին Չեն, կը յարգէ տարածաշրջանի իւրաքանչիւր երկրի ինքնիշխան ընտրութիւնը եւ չի միջամտեր ներքին գործերուն։ Ան նաեւ նշած է, որ Չինաստանը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորացմամբ։

Աւելի վաղ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հրապարակումներ տարածած էին, որոնց մէջ կը պնդէին, թէ Չինաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավար Լիու Ցզյանչաոն Պաքուի մէջ կայացած համաժողովին իբր յայտարարած է, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցքի» գործարկման ռազմավարական կարեւորութեան մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment