Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի հետ բանավէճէն ու անոր յաջորդած աղմուկէն յետոյ քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան որոշած է հարկատուներու գումարը վերադարձնել պիւտճէ։ Լոսանճելեսեան գերթանկարժէք թռիչքի գումարը քաղաքապետը պիտի վճարէ իր գրպանէն։
Քաղաքապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Նոյեմբերի վերջին շաբաթը անցուցած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ու ինը հոգինոց խումբէն միայն ինքն թռած էր առեւտրային դասի՝ 20 հազար տոլարնոց օդանաւային տոմսով։ Պատուիրակութեան միւս անդամներուն համար գնած են տնտեսական դասի 8 տոմս՝ ծախսելով մօտ 12 հազար տոլար։
Ի՞նչ միջոցներով քաղաքապետը պիտի փոխհատուցէ. Աւինեան առաջարկեց իր յայտարարագրած եկամուտները ուսումնասիրել: Քաղաքապետը անցեալ տարի 40 միլիոն դրամէն աւելի եկամուտ ունեցած է։ Ան քրիփթոարժոյթ ալ յայտարարագրած է, որ այս պահի դրութեամբ քանի մը հարիւր հազար տոլարի կը հասնի։
Առեւտրային դասով Միացեալ Նահանգներ մեկնած բարձրաստիճան պաշտօնեան կը վստահեցնէ, թէ այցէն յետոյ միայն իմացած է, որ պետական պիւտճէէն իր հանգստաւէտ թռիչքին համար 7 միլիոն 650 հազար դրամ վճարած են։

