Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հարաւային Կովկասի Մէջ «Իսկապէս Աւելի Շատ Եւրոպական Առաջնորդութեան Կարիք Կայ»․ Փորձագէտ

Հարաւային Կովկասի Մէջ «Իսկապէս Աւելի Շատ Եւրոպական Առաջնորդութեան Կարիք Կայ»․ Փորձագէտ

by MassisPost

Հարաւային Կովկասը Եւրոմիութեան եւ Եւրոպայի համար կարեւոր է ոչ միայն կապի եւ առեւտուրի, այլ նաեւ աշխարհառազմավարական հարցերու առումով, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Գերմանիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի փորձագէտ Շթեֆան Մայսթըր՝ միեւնոյն ժամանակ նկատելով, որ այս պահին Եւրոմիութիւնը կը ձախողի Վրաստանի մէջ՝ չարձագանգելով, յայտարարութիւններ չընելով, պատժամիջոցներու չենթարկելով այն մարդիկը, որոնք պատասխանատու են բռնութեան եւ ընտրակեղծիքներու համար։

Փորձագէտին կարծիքով՝ Գերմանիոյ արձագանգը շատ սահմանափակ էր նաեւ երբ Ատրպէյճանը Ղարաբաղը ռազմական ուժով գրաւեց եւ հայերը այնտեղէն դուրս մղեց։

«Եւրոպայի կողմէ լուրջ ներգրաւուածութիւն, կամ լուրջ բանակցութիւններ չեն եղած։ Այս հարցով նոյնպէս ես գերմանական առաջնորդութիւն չեմ տեսներ»,- ըսաւ Շթեֆան Մայսթըր՝ շեշտելով, որ նման թոյլ Եւրոպան նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ առաջնորդությեան, այդ շարքին՝ Գերմանիոյ առաջնորդությեան բացակայութեան հետեւանք է։

«Դուք կը տեսնէք, որ Թուրքիան այժմ առանցքային խաղացող է այստեղ: Դուք կը տեսնէք աւելի շատ Իրանի ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Այնպէս չէ, որ Ռուսաստանը լքած է տարածաշրջանը: Ու ես ինքզինքիս կը հարցնեմ՝ իսկ ո՞ւր է ԵՄ-ի դերը այս ամէնուն մէջ, տարածաշրջանային այս փոփոխուող կարգի ձեւաւորման գործին մէջ։ Այստեղ իսկապէս աւելի շատ եւրոպական առաջնորդութեան կարիք կայ: Ուստի յոյսով եմ, որ նոր կառավարութիւնը Գերմանիոյ մէջ այլ առաջնահերթութիւններ պիտի սահմանէ։ Բայց պէտք է նաեւ անկեղծ ըլլամ ու ըսեմ, թէ կը կասկածիմ, որ այդ պիտի ըլլայ առանցքային առաջնահերթութիւններէն մէկը։ Այնպէս որ, անկեղծ ըսած, ես բաւականին հիասթափուած եմ այս առումով»,- ըսաւ փորձագէտը՝ պատասխանելով հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կրնայ Գերմանիոյ մէջ այս քաղաքական անորոշութիւնը անդրադառնալ Հայաստանի եւ Վրաստանի նման երկիրներուն տրամադրուող աջակցութեան վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment