Յուլիս 24-ին տեղի ունեցած է միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ մասնակցութեան նախապատրաստման շրջանակին մէջ Յուլիս 15-24-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Արծիւ Գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութեան փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Պաշտպանութեան նախարարութեան Տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ ղեկավար կազմը շնորհակալութիւն յայտնած է անձնակազմին՝ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան, համատեղ կայացուած վարժանքներու յաջող իրականացման եւ փորձի փոխանակման համար։
Յիշեցնենք՝ Յուլիս 15-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ակադեմիային մէջ ազդարարուած էր «Արծիւ Գործընկեր-2024» հայ-ամերիկեան համատեղ զօրավարժութեան մեկնարկը։


