ԱՄՆ մտադիր է 52 միլիոն տոլար յատկացնել Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան ամրապնդման համար: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը։
«Հայաստանի հարցով պիւտճէն կ’ենթադրէ 52 միլիոն տոլար», ճեպազրոյցի ժամանակ լրագրողներուն ըսած է Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլըրը՝ ի պատասխան «Հայաստանի մէջ տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման» համար նախատեսուած ծախսերու մասին հարցումին։