Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Չնայած Մարտահրաւէրներուն Եւ Դժուարութիւններուն, Հայաստանի Մէջ Նկատելի Են Աշխատանքի Ոլորտին Մէջ Զարգացումները. Կիլպերթ Եունկպօ

Չնայած Մարտահրաւէրներուն Եւ Դժուարութիւններուն, Հայաստանի Մէջ Նկատելի Են Աշխատանքի Ոլորտին Մէջ Զարգացումները. Կիլպերթ Եունկպօ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած է Աշխատանքի միջազգային համաժողով՝ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան (ԱՄԿ) գլխաւոր տնօրէն Կիլպերթ Եունկպոյի մասնակցութեամբ։

Միջոցառման մասնացած են ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քաթարէն, Հնդկաստանէն, Շուէտէն, Սինկափուրէն, Ուզպեքիստանէն, Ֆրանսայէն եւ շարք մը այլ երկիրներէ։

Համաժողովին բացման ելոյթով հանդէս եկած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Կարեւորելով աշխատանքի դերը քաղաքակրթութեան եւ զարգացման հիմքին՝ վարչապետը աշխատանքի գործօնը դիտարկած է նաեւ որպէս մարդոց ներուժի իրացման եւ բացայայտման հնարաւորութիւն։ «Աշխատանքի ու աշխատանքային յարաբերութիւնների հետ կապուած հարցերը, ի հարկէ, մեծ մարտահրաւէրներ են պարունակում իրենց մէջ, եւ ինչպէս նման դէպքերում ասւում է՝ նաեւ մեծ հնարաւորութիւններ։ Ի հարկէ, շահող են դուրս գալիս այն երկրները եւ հասարակութիւնները, ովքեր կարողանում են հասցէագրել ի յայտ եկած մարտահրաւէրները եւ հակասութիւնները: Բացի համաշխարհային մարտահրաւէրներից, Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ մենք էլ մեր հերթին ունենք մեր տեղային մարտահրաւէրները, որոնք կապուած են ընկերային քաղաքականութեան եւ աշխատանքի քաղաքականութեան հետ: Ընդհանարապէս՝ ամենամեծ մարտահրաւէրն այն է, որ առաջինը՝ պետութիւնը եւ հասարակութիւնն աշխատանքի միջոցով կարողանան իրացնել զարգացման իրենց ներուժը, երկրորդը, որը նոյնքան կարեւոր է, որ անհատը աշխատանքի մակարդակում կարողանայ զարգացնել եւ բացայայտել իր ներուժը: Միշտ չէ, որ այս երկու անհրաժեշտութիւնները համընկնում են, որովհետեւ խնդիր մէկ՝ այնպէս անել, որ մարդիկ աշխատելու հնարաւորութիւն ունենան եւ խնդիր երկու՝ այնպէս անել, որ մարդիկ ունենան այնպիսի աշխատանքով զբաղուելու հնարաւորութիւն, որն իրենց համար հաճելի է, որն իրենց համար ապահովում է որոշակի կենսամակարդակ եւ ներուժի որոշակի բացայայտում ու զարգացում», նշած է վարչապետը։

Կիլպերթ Եունկպօն իր ելոյթին մէջ ըսած է, որ չնայած առկայ մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, Հայաստանի մէջ նկատելի է աշխատանքի ոլորտին մէջ առկայ զարգացումները։ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը կարեւորած է նաեւ աշխատանքի  ոլորտին մէջ արհեստագիտութիւններու զարգացման դերը, որոնք կրնան մեծապէս նպաստել մարդոց կեանքի որակի լաւացման։

«Հակամարտություններու եւ ճգնաժամերու հետեւանքով կը մեծնայ գործազրկութեան մակարդակը, եւ մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ յաղթահարենք այս իրավիճակը։ Արհեստագիտութիւններու զարգացումը եւս կրնայ նպաստել մարդոց կեանքի որակի լաւացման։ Այս գործին մէջ շատ կարեւոր է արհեստական բանականութեան դերը, որ կը խթանէ աշխատաշուկայի զարգացումը», նշած է Եունկպօն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment