Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Հանդիպած Է Հայաստան Վերադարձած Շիրակցի Գերիներու Հարազատներուն Հետ

Փաշինեան Հանդիպած Է Հայաստան Վերադարձած Շիրակցի Գերիներու Հարազատներուն Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ հանդիպում ունեցած է անցած շաբաթ Հայաստան վերադարձած շիրակցի գերիներու հարազատներուն հետ:

Նիկոլ Փաշինեան, ըստ կառավարութեան հաղորդագրութեան, հաւաստիացուցած է, որ այս երեք տարիներու ընթացքին ամէն հնարաւոր բան կատարուած է գերիներու վերադարձին համար:

«Չնայած պարզ է, որ բոլորս էլ անհամբեր էինք օր առաջ տեսնել նրանց վերադարձը, բայց շնորհակալութիւն եմ յայտնում ձեզ համբերատարությեան համար, որովհետեւ դա շատ կարեւոր էր», ըսած է վարչապետը եւ յաւելած, որ ամէն բան պէտք է կատարուի, որպէսզի անոնք վերադառնան բնականոն կեանքի:

Երեւանի ու Պաքուի համատեղ յայտարարութենէն վեց օր անց 32 հայ գերիներ հայրենադարձուեցան։ Վերադարձածներէն 26-ը շիրակցի պահեստազօրայիններն են, որոնք 44-օրեայ պատերազմէն մէկ ամիս անց Արցախի Խծաբերդի դիրքերէն գերեվարուած էին։

Ատրպէյճանի մէջ, ըստ հայաստանցի իրաւապաշտպաններու, հիմա 23 հայ կը պահուի, անոնց շարքին՝ Արցախի նախկին ղեկավարները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment