«Մասիս» Հրատարակչականը պիտի հիւրընկալէ հրապարակային քննարկում մը Փրոֆ. Ումիթ Քուրտի հետ, Նիւթ ունենալով «Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութիւնը Այնթէպի Մէջ. Հիմնադիրներ, գաղափարախօսութիւն եւ կառոց»:
Յայտնենք որ, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին տարիներուն կը գործէր «Հնչակեան Յեղափոխական Կուսակցութիւն» անուան տակ:
Սոյն միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի« Սեպտեմբեր 20-ի երեկոյեան ժամը 8-ին« ՀԿԲՄ-ի Փասատինայի կեդրոնէն ներս:
Փրոֆ. Ումիթ Քուրտ պատմաբան է արդի Միջին Արեւելքի հարցերու: Անոր ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական պատմութեան շուրջ` Օսմանեան Կայսրութեան մէջ եւ թրքական հանրապետութեան առաջին տարիներուն` 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայերու տեղահանութեան վրայ:
Փրոֆ. Ումիթ Քուրտ իր Դոկտրական թեզը պաշտպանած է 2016-ին, Ամերիկեան Քլարք Համալսարանի պատմութեան ամպիոնէն ներս:
Սոյն նիւթը երկրորդն է «Մասիսՙ Հրատարակչականի կազմակերպած քննարկումներուն, որոնք կեդրոնացած են Հայ ժողովուրդի վերջին 150 տարիներու պատմութեան վրայ:
«Մասիս» Հրատարակչականը ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որ կը հրատարակէ «Մասիս» Շաբաթաթերթըՙ եւ «MassisPost.com»-ը: