Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Գերմանիոյ Պունտեսթակի պատգամաւորական խումբի անդամները` խումբի փոխնախագահ Թապիա Ռեօսների գլխաւորութեամբ:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային իրավիճակի, անվտանգային մարտահրաւէրներուն, խաղաղութեան օրակարգին շուրջ: Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է ԵՄ երկարաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան դերը:
Անոնք անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին: Խնդիրի կարգաւորման առումով կարեւորուած է միջազգային հանրութեան հետեւողական հասցէական արձագանգը, Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին` Փետրուար 22-ին հրապարակուած որոշման կատարումը Ատրպէյճանի կողմէ:
Վարչապետը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, արձանագրուող տնտեսական բարձր ցուցանիշերուն եւ կարեւորած է Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ օժանդակութիւնը ՀՀ ժողովրդավարական օրակարգին: