Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Եւ Պունտեսթակի Պատգամաւորները Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Վարչապետ Փաշինեան Եւ Պունտեսթակի Պատգամաւորները Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Գերմանիոյ Պունտեսթակի պատգամաւորական խումբի անդամները` խումբի փոխնախագահ Թապիա Ռեօսների գլխաւորութեամբ:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային իրավիճակի, անվտանգային մարտահրաւէրներուն, խաղաղութեան օրակարգին շուրջ: Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է ԵՄ երկարաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան դերը:

Անոնք անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին: Խնդիրի կարգաւորման առումով կարեւորուած է միջազգային հանրութեան հետեւողական հասցէական արձագանգը, Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին` Փետրուար 22-ին հրապարակուած որոշման կատարումը Ատրպէյճանի կողմէ:

Վարչապետը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, արձանագրուող տնտեսական բարձր ցուցանիշերուն եւ կարեւորած է Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ օժանդակութիւնը ՀՀ ժողովրդավարական օրակարգին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment