Միացեալ Նահանգներու Պետական Բաժանմունքը մեկնաբանած է Հոկտեմբեր 27-ին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի ելոյթի` ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ամերիկեան ծրագրին վերաբերող հատուածը:
«Կը շարունակեն խեղաթիւրումները, գուցէ նոյնիսկ աւելի ճիշտ կ’ըլլար անոնք ապատեղեկատուութիւն անուանել, որոնք կը հնչեն շարք մը շրջանակներէն, այդ շարքին` Մոսկուայէն« եւ վերաբերին հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու մասին մեր մտադրութիւններուն», – յայտարարած է Պետական Բաժանմունքի պաշտօնական ներկայացուցիչ Նետ Փրայս:
Պետական Բաժանմունքի խօսնակը, սակայն, ուղղիղ չէ պատասխանած ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան Ուշինկթընի թղթակիցի հարցին` գոյութիւն ունի՞ հայ – ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ամերիկեան նախագիծ, թէ՞` ոչ: Փրայս միայն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները 1991 թուականէն ի վեր միանշանակօրէն կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու անկախութեան:
Խօսելով Սոչիի մէջ Հոկտեմբեր 31-ին կայանալիք բանակցութիւններու մասին` Փրայս ըսած է, որ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ կազմակերպուող բանակցութիւններուն մասնակցիլը Երեւանի եւ Պաքուի ընտրութիւնն է:
«Ես չեմ պատրաստուիր մեկնաբանել Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը: կրնամ միայն կրկնել, որ այդ երկու երկրներու գործն է, թէ իրենք ինչ մօտեցում կ’որդեգրեն յառաջիկայ բանակցութիւններու նկատմամբ: Կը կարծեմ, սակայն, որ աշխարհը շատ լաւ տեղեակ է, որ Ռուսաստան չի յարգեր իր հարեւաններու ինքնիշխանութիւնը: Այդ մասին կը վկայէ 2008 թուականի ներխուժումը Վրաստան եւ ներկայիս արիւնալի ներխուժումը Ուքրաինա», – յայտարարած է Պետական Բաժանմունքի խօսնակը: