Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Ընդունած Է Կարօ Փայլանին

Վարչապետը Ընդունած Է Կարօ Փայլանին

by MassisPost

Հոկտեմբեր 29-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց   Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին, որ Երեւան  ժամանած է Համաշխարհային Հայկական առաջին գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով:

Վարչապետը ողջունած է հայազգի պատգամաւորին, կարեւոր նկատելով համահայկական օրակարգի խնդիրներու քննարկման նուիրուած գագաթնաժողովին անոր մասնակցութիւնը եւ այդ խնդիրներու լուծմանն իր նպաստը բերելու պատրաստակամութիւնը:

Փայլան ներկայացուցած է Թուրքիոյ հայ համայնքի ներկայիս վիճակը, համայնքային կեանքին առնչուող հարցեր:

Միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շուրջ:

Նոյն օրը, Կարօ Փայլան այցելած  է նաեւ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment