Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի նիստի ընդլայնուած կազմով հանդիպման ընթացքին Հայաստանի վարչապետը խօսած է «լուրջ յաջողութիւններու» մասին եւ վիճակագրութիւն հրապարակած է:
Նիկոլ Փաշինեանի փոխանցմամբ, այս տարի` Յունուարէն մինչեւ Օգոստոս ինկած ժամանակահատուածին, Հայաստանի ապրանքաշրջանառութիւնը ԵԱՏՄ միւս երկիրներու միջեւ կազմած է 2,8 միլիառ տոլար, ինչ որ 74 տոկոսով աւելի է, քան` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը:
«ԵԱՏՄ-ի կայացման գործընթացում մենք լուրջ յաջողութիւնների ենք հասել: Ստեղծուել է տարողունակ ընդհանուր շուկայ, նկատելիօրէն աճել են փոխադարձ առեւտրի ցուցանիշները», յաւելած է Հայաստանի վարչապետը եւ ընդգծած, որ Հայաստանէն արտահանումը աւելցած է 2 անգամ, իսկ ներկրումը` 58 տոկոսով:
Վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթը ամփոփած է վերահաստատելով հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը` աշխուժօրէն համագործակցելու Միութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն հետ` ի շահ եւրասիական համարկման յառաջմղման:
Իր հերթին, Ռուսիոյ վարչապետը ընդգծած է` «ԵԱՏՄ պետութիւններու ապրանքաշրջանառութեան աշխուժութիւնը կ’արտացոլացնէ համարկման գործընթացներու դրական ազդեցութիւնը»:
«Անցեալ տարուայ ընթացքին Միութեան պետութիւններուն միջեւ փոխադարձ առեւտուրի ծաւալը հասած է առաւելագոյնին մեր միաւորման գոյութեան ամբողջ ընթացքին: Այն գերազանցած է 73 միլիառ տոլարը: Այդ գրեթէ 33 տոկոսով աւելի է, քան 2020 թուականին», նշած է Միխայիլ Միշուսթինը:
Ռուսիոյ վարչապետը նաեւ անդրադարձած է պարէնային ապրանքներու եւ գիւղամթերքի ոլորտին մէջ արձանագրուած 21 տոկոս աճին. «Փոխադարձ մատակարարումներու ֆիզիքական ծաւալը աճած է 11 տոկոսով: Ռուսական ռուպլին կը շարունակէ մնալ հաշուարկներու հիմնական արժոյթը եւ օգտագործուած է 72 տոկոս վճարումներ կատարելու համար»: