Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին օրերու լարուածութեան ծիրին մէջ կը վերահաստատէ Եւրոմիութեան յանձնառութիւնը` խորացնելու համագործակցութիւնը երկու երկիրներուն հետ` յանուն անվտանգ, կայուն, խաղաղ ու բարեկեցիկ Հարաւային Կովկասի` ի շահ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն: Այս մասին կ’ըսուի Շարլ Միշէլի խօսնակ Պարենտ Լէյցի յայտարարութեան մէջ:
«Ան ողջունած է Մայիս 24-ին երկու երկիրներու սահմանային յանձնաժողովներոու առաջին պատմական հանդիպումը եւ սահմանազատման իրականացման առումով ընդգծած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի երկայնքով կայունութեան ու անվտանգութեան ապահովման բացառիկ կարեւորութիւնը», նշած է Միշէլի խօսնակը:
Եւրոխորհուրդի նախագահը շեշտած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման համար կարեւոր է լուծել բոլոր չկարգաւորուած խնդիրները, այդ շարքին նաեւ ապագայ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ քննարկումներու յառաջխաղացումը եւ հակամարտութեան արմատական պատճառներու վերացումը:
«Նախագահ Միշէլի կարծիքով` բոլոր առանցքային հարցերը, որոնք յանգեցուցին Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմին, ինչպէս նաեւ 2020 թուականին վերսկսած ռազմական գործողութիւններուն, պէտք է կարգաւորուին բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կողմէ` ստեղծելով պայմաններ յանուն տեւական ու արդար խաղաղութեան:
Ինչպէս հակամարտութեան որեւէ ժառանգութեան պարագային, եզրաբանութիւնը այս ծիրին մէջ յատկապէս զգայուն է: Մայիս 22-ին առաջնորդներուն միջեւ կայացած հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ նախագահ Միշէլի յայտարարութիւնը պէտք չէ մեկնաբանուի որպէս քննարկումներու նախապէս կանխորոշուած արդիւնքի հաստատում: Ի վերջոյ, ամենակարեւորն այն է, որ բոլոր հարցերուն անդրադարձ կը կատարուի համապարփակ կերպով` ներառելով բնակչութեան բոլոր խումբերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը», նշած է Միշէլի խօսնակը:
Ան տեղեկացուցած է, որ Մայիս 22-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին յատուկ անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանի ապաշրջափակման հարցին: «Այս ծիրին մէջ երկու կողմերը հաստատածլ են, որ չկան էքսթրատարածքային յաւակնութիւններ` կապուած ապագայ ճանապարհային ենթակառուցուածքներուն հետ: Հակառակին մասին շահարկումները ցաւալի են:
Ի վերջոյ, նախագահ Միշէլ ընդգծած է ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնն ու այս առումով հանրային հռետորաբանութեան կարեւոր դերը: Ան ողջունած է Երեւանի ու Պաքուի ղեկավարները եւ յայտնած է բանակցութիւններու շարունակման նպատակով բարենպաստ մթնոլորտի ապահովման գործին մէջ բարեխղճօրէն ներգրաւուելու մտադրութեան մասին` յայտնելով Եւրոմիութեան պատրաստակամութիւնը` զօրացնելու իր աջակցութիւնը վստահութեան ամրապնդման ուղղուած միջոցներու ձեռնարկման գործին մէջ», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Միշէլի խօսնակը տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ օրերուն Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը պիտի այցելէ տարածաշրջան` հետեւելու վերոնշեալ հարցերու քննարկումներուն շուրջ զարգացումներուն: