Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարը Սէուտական Արաբիոյ Պետական Նախարարին Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Հարցեր

ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարը Սէուտական Արաբիոյ Պետական Նախարարին Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Հարցեր

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան արտաքին յարաբերութիւններու պետական նախարար Ատէլ Պըն Ահմատ Ալ Ժուպէյրի հետ:

Ըստ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան, Միրզոյեանն ու Ալ Ժուպէյրին քննարկած են համագործակցութեան երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգերու ձեւաւորման, յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, նշած են երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման եւ ներդրումային ծրագրերու իրականացման կարեւորութիւնը:

Միրզոյեանը զրուցակիցին տեղեկացուցած է, որ Հայաստանը կ՛աջակցի «World Expo 2030»-ը Ռիատի մէջ կայացնելու Սէուտական Արաբիոյ յայտին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment