Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Պրիւքսէլեան Հանդիպումը Եւ Հայ-Ատրպէյճանական Գործընթացը

Փաշինեան Եւ Փութին Քննարկած Են Պրիւքսէլեան Հանդիպումը Եւ Հայ-Ատրպէյճանական Գործընթացը

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած են:

Փութինը նախ շնորհաւորած է Փաշինեանը ծննդեան օրուան առիթով:

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան, զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ռուսիա երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցեր, անդրադարձած են տարածաշրջանային խնդիրներուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրադրութեան:

Փութին ողջունած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի առաջին հանդիպումը եւ վերահաստատած է Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու սահմանազատման գործընթացին: Ընդգծուած է, որ համաձայն պայմանաւորուածութեան, յանձնաժողովի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ:

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը կը նշէ․ «Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հիմնարար եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ընթացքին նուիրուած քննարկման ժամանակ կողմերը ընդգծած են տարածաշրջանային կայունութեան ուղղուած աշխատանքներու աշխուժացման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ճանապարհային-լոկիսթիք ենթակառոյցներու զարգացման կարեւորութիւնը»:

Ըստ հաղորդագրութիւններուն, հեռախօսազրոյցի ընթացքին Փաշինեանը Փութինին պատմած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի հետ Մայիս 22-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած հանդիպման մասին: Հայկական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն` վարչապետը «մտահոգութիւն յայտնած է հանդիպումէն յետոյ քննարկումներու էութեան հետ կապ չունեցող մեկնաբանութիւններու առիթով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment