Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ աշխատանքային այցով եղած է Սիւնիքի մարզ:
Զօրամասերէն մէկուն մէջ սպաներու հետ հանդիպման ընթացքին նախարարը անդրադարձած է անցնող օրերուն զօրամիաւորման ենթակայ զօրամասերուն մէջ արձանագրուած միջադէպերուն: Սուրէն Պապիկեան ընդգծած է, որ տեղի ունեցածը որոշ ստորաբաժանումներու մէջ կարգապահութեան, ինչպէս նաեւ առանձին զինուորներու բարոյահոգեբանական ոչ-պատշաճ մակարդակի հետեւանք է:
Լսելով միջադէպերու վերաբերեալ պատասխանատու սպաներուն զեկոյցները, պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը զօրամիաւորման հրամանատարին տուած է ցուցումներ եւ յանձնարարականներ` նմանօրինակ դէպքերը բացառելու նպատակով անհրաժեշտ միջոցառումներ ձեռնարկելու վերաբերեալ:
Սուրէն Պապիկեան եղած է նաեւ Ներքին Հանդ համայնքին յարակից սահամանագօտիին մէջ, ուր զօրամիաւորման հրամանատար, զօրավար Արտակ Պուտաղեանը ներկայացուցած է տուեալ հատուածին մէջ առկայ իրավիճակը:
Պաշտպանութեան նախարարը այցելած է նաեւ հիմնանորոգուող զօրամասի շինարարական հրապարակ եւ ծանօթացած է շինարարական աշխատանքներու ընթացքին: