Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախարար Սուրէն Պապիկեան Այցելած Է Սիւնիքի Մարզ

Պաշտպանութեան Նախարար Սուրէն Պապիկեան Այցելած Է Սիւնիքի Մարզ

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ աշխատանքային այցով եղած է Սիւնիքի մարզ:

Զօրամասերէն մէկուն մէջ սպաներու հետ հանդիպման ընթացքին նախարարը անդրադարձած է անցնող օրերուն զօրամիաւորման ենթակայ զօրամասերուն մէջ արձանագրուած միջադէպերուն: Սուրէն Պապիկեան ընդգծած է, որ տեղի ունեցածը որոշ ստորաբաժանումներու մէջ կարգապահութեան, ինչպէս նաեւ առանձին զինուորներու բարոյահոգեբանական ոչ-պատշաճ մակարդակի հետեւանք է:

Papikyan-Syunik-2

Լսելով միջադէպերու վերաբերեալ պատասխանատու սպաներուն զեկոյցները, պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը զօրամիաւորման հրամանատարին տուած է ցուցումներ եւ յանձնարարականներ` նմանօրինակ դէպքերը բացառելու նպատակով անհրաժեշտ միջոցառումներ ձեռնարկելու վերաբերեալ:

Սուրէն Պապիկեան եղած է նաեւ Ներքին Հանդ համայնքին յարակից սահամանագօտիին մէջ, ուր զօրամիաւորման հրամանատար, զօրավար Արտակ Պուտաղեանը ներկայացուցած է տուեալ հատուածին մէջ առկայ իրավիճակը:

Պաշտպանութեան նախարարը այցելած է նաեւ հիմնանորոգուող զօրամասի շինարարական հրապարակ եւ ծանօթացած է շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment