23 Յուլիսին, ժամը 17։00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, կը յայտնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Թէժ փոխհրաձգութեան հետեւանքով հրազէնային թեթեւ վիրաւորում ստացած է ՀՀ Զինուած ուժերու 3 զինծառայող։ Անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար։
«Դրան նախորդել են կրակահերթեր հենց իրենց՝ ատրպէյճանական մարտական յենակէտերում, ինչը կարող է պայմանաւորուած լինել ատրպէյճանցի զինուորականների միջեւ տեղի ունեցած՝ միջանձնային բնոյթ կրող միջադէպով։ Դրա մասին է խօսում նաեւ փաստը, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնն իր հաղորդագրութեան մէջ նշում է, թէ հայկական կողմի բացած կրակից յետոյ ատրպէյճանցի զինուորական է զոհուել։ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարում է, որ հակազդող գործողութիւնների չի դիմել մինչեւ այն պահը, երբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակ են բացել հայ դիրքապահների ուղղութեամբ», – ըսուած է հայկական ռազմական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու հերթական սադրանքը. «Իրադրութեան սրման ողջ պատասխանատուութիւնն ընկնում է Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ»։