Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ալիեւը Նեղսրտած է ԵՄ-ի՝ Հայաստանին Հատկացուելիք 2․6 Միլիառ Եւրօ Աջակցութեան Համար. «Սա Անարդար է»

Ալիեւը Նեղսրտած է ԵՄ-ի՝ Հայաստանին Հատկացուելիք 2․6 Միլիառ Եւրօ Աջակցութեան Համար. «Սա Անարդար է»

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը նախօրէին  պետական AzTV-ին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է նաեւ ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին տրամադրուելիք աջակցութեան։ Ան նշած է, որ Հայաստանին կը յատկացնեն 2․6 միլիառ եւրօ, Վրաստանին՝ 2․3 միլիառ եւրօ, իսկ Ատրպէյճանին՝ ոչինչ։

«Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին, ապա հնչեցուած է 150 միլիոն եւրօ թիւը, բայց մեզի չեն ըսած ճիշդ երբ պիտի ըլլայ այդ յատկացումը, որոնք են յատկացման պայմանները։ Ի հարկէ, կը կարծեմ, որ  այս սխալ դիրքորոշում է, քանի որ Ատրպէյճանը Հարաւային Կովկասի ամենամեծ երկիրն  է՝ ե՛ւ տարածքով, ե՛ւ բնակչութեամբ, ե՛ւ հնարաւորութիւններով։ Մինչ այժմ տարածաշրջանի երկիրներուն այդքան խոշոր գումարներ չեն յատկացուած: Սա կը վկայէ այն մասին, որ այս միջոցները պատերազմէն ետք կը  յատկացուին, այսինքն՝ պատճառը պատերազմն է։ Եթէ այդպէս է, ապա պատերազմէն ամենաշատ տուժած երկիրը Ատրպէյճանն է։ Այդ միջոցները պէտք է յատկացուին Ատրպէյճանին»,- ըսած է Ալիեւը՝ բողոքելով, որ Հայաստանին այդքան մեծ գումար պիտի յատկացուի։

«Գումարը կու տան Հայաստանին․ կա՞ն Հայաստանի մէջ աւերածութիւններ՝ ո՛չ։ Մե՞նք այնտեղ ականներ դրած ենք՝ ո՛չ։ Սա անարդար է։ Այդ հարցով կարծիքներու փոխանակում եղած է։ Պատասխանը հետեւեալն, որ, իբր, Ատրպէյճանին միջոցներ պէտք չեն։ Առաջինը՝ մեզի ոչ ոք առաջարկած է։ Առաջարկեցէք մեզի, եւ ես կ’ըսեմ, պէտք են, թէ՝ ոչ։ Մենք պիտի չվերականգնե՞նք «ազատագրուած տարածքները»։  Միլիառաւոր տոլարներ պէտք են, որոնք բնականաբար երկինքէն պիտի չիջնեն»,- ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Ան նշած է, որ Ատրպէյճանը ինքնաբաւ երկիր է, սակայն  եթէ Հայաստանի պէս դրամաշնորհ առաջարկեն, ապա երբեք չեն հրաժարիր։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment