Շաբաթ օրը, Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը «Ազատութեան» հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի ընթացքին պայմանաժամ տուին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ մինչեւ Երեքշաբթի օրը ժամը 12-ը հրաժարական ներկայացնելու համար:
17 ուժերու կազմակերպած ցոյցին ներկայ եղած են մօտ 8 հազար քաղաքացիներ, որոնց առջեւ ելոյթ ունեցողները յայտարարած են, որ իրենց պահանջը չկատարելու պարագային, կոչ պիտի ընեն ժողովուրդին՝ դիմելու զանգուածային անհնազանդութեան գործողութիւններու:
Հրապարակի վրայ ելոյթ ունեցաւ նաեւ 17 ուժերու առաջարկած վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը, յայտարարելով. «Նիկոլ Փաշինեանը մի բան էլ պէտք է հասկանայ, որ ինքը ինչքան շուտ կամաւոր հրաժարական տայ, այնքան իրեն լաւ: Շարժումը չյաղթեց՝ գազազած ժողովուրդ իրեն կը յօշոտի: Այս շարժումն այն ճանապարհն է, որը հնարաւորութիւն է տալիս քաղաքակիրթ ձեւով փոխել իրավիճակը Հայաստանում, ձախողուեց՝ աւելի վատ է լինելու, բայց ինքը բոլոր դէպքերում գնալու է»: