Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմադիրները Մինչեւ Երեքշաբթի Պայմանաժամ Տուին Փաշինեանին՝ Հրաժարականի Համար

Ընդդիմադիրները Մինչեւ Երեքշաբթի Պայմանաժամ Տուին Փաշինեանին՝ Հրաժարականի Համար

by MassisPost

Շաբաթ օրը, Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը «Ազատութեան» հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի ընթացքին պայմանաժամ տուին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ մինչեւ Երեքշաբթի օրը ժամը 12-ը հրաժարական ներկայացնելու համար:

17 ուժերու կազմակերպած ցոյցին ներկայ եղած են մօտ 8 հազար քաղաքացիներ, որոնց առջեւ ելոյթ ունեցողները յայտարարած են, որ իրենց պահանջը չկատարելու պարագային, կոչ պիտի ընեն ժողովուրդին՝ դիմելու զանգուածային անհնազանդութեան գործողութիւններու:

Հրապարակի վրայ ելոյթ ունեցաւ նաեւ 17 ուժերու առաջարկած վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը, յայտարարելով. «Նիկոլ Փաշինեանը մի բան էլ պէտք է հասկանայ, որ ինքը ինչքան շուտ կամաւոր հրաժարական տայ, այնքան իրեն լաւ: Շարժումը չյաղթեց՝ գազազած ժողովուրդ իրեն կը յօշոտի: Այս շարժումն այն ճանապարհն է, որը հնարաւորութիւն է տալիս քաղաքակիրթ ձեւով փոխել իրավիճակը Հայաստանում, ձախողուեց՝ աւելի վատ է լինելու, բայց ինքը բոլոր դէպքերում գնալու է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment