Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 339-ով՝ հասնելով 32490-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 8 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Յուլիս 14-ի, ժամը 11-ին, կեդրոնի կայքին հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 864-ով եւ հասած է 20729-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1115 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասած է 136802-ի:
«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 581-ի, եւս 184 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 10996 մարդ: