Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մայր Աթոռը Կը Դատապարտէ Սուրբ Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Անգարայի Որոշումը

Մայր Աթոռը Կը Դատապարտէ Սուրբ Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Անգարայի Որոշումը

by MassisPost

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ցաւով արձանագրեցինք տակաւին քանի մը օր առաջ՝ Յուլիս 10-ին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի կողմէ  ուղղափառ  Եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական աշխարհի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Սուրբ Սոֆիայի տաճարը թանգարանէն մզկիթի վերածելու որոշումը», – յայտարարած է Ամենայն Հայոց Գարեգին երկրորդ կաթողիկոսը:

«Հակառակ համաքրիստոնէական տարբեր կազմակերպութիւններու, եկեղեցապետերու ու քաղաքական առաջնորդներու կոչերուն՝ թրքական կառավարութիւնը ընդունեց միակողմանի ու դատապարտելի որոշում՝ ատով իսկ խախտելով Թուրքիոյ մէջ ազգային կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները։ Ցաւով կը նշենք, որ միլիոնաւոր քրիստոնեաներու կոչերն ու անհանգստութիւնները անտեսուեցան, հաշուի չառնուեցաւ նոյնիսկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը համաշխարհային մշակութային գանձարանին մէջ ներառնուած ըլլալու փաստը», – ընդգծած է Վեհափառը:

«Թուրքիոյ կառավարութեան գործողութիւնը ծանր յուշեր կ’արթնացնէ դարեր շարունակ Օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ հայ ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ ազգերու սրբատեղիներու պղծման ու կործանման վերաբերեալ։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ու հայ ժողովուրդը, որպէս Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդ, կը կիսէ  ուղղափառ եղբայրներու եւ քոյրերու ցաւն ու անհանգստութիւնը։ Հայոց Եկեղեցին կը դատապարտէ քաղաքական շահերէ մեկնած՝ կրօններու փոխըմբռնման ու երկխօսութեան գործընթացին մեծապէս վնասող Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումը՝ միաժամանակ կոչ ընելով վերանայելու այն ու վերադառնալու Թուրքիոյ մէջ տարբեր կրօնական համայնքներու խաղաղ աղօթական համակեցութեան սկզբունքին։ Պատմութեան վերիվայրումներու ու քաղաքական փոփոխութիւններու ընթացքին Սուրբ Սոֆիայի տաճարը պատմական եւ մշակութային արժէքէն զատ ձեռք բերած է նաեւ տարբեր՝ կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական նշանակութիւն՝ դառնալով ոչ թէ քաղաքակրթութիւններու բախման, այլ համագործակցութեան եւ մարդկութեան միասնութեան խորհրդանիշ», – Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ՝ յայտարարած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

Միակողմանի այդ որոշման պատճառով ստեղծուած դժուարին այս իրավիճակին մէջ Հայոց Եկեղեցին աղօթքով զօրակից է Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարք, մեր սիրեցեալ եղբայր Նորին Սրբութիւն Բարդողիմէոս պատրիարքին եւ   ուղղափառ Եկեղեցւոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment