Նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է շրջակայ միջավայրի նախարարի պաշտօնէն Էրիկ Գրիգորեանին ազատելու հրամանագիրը: Այս մասին կը յայտնէ նախագահի պաշտօնական կայքէջը:
Աւելի վաղ «Ազատութիւնը» տեղեկացած էր, որ Գրիգորեան հրաժարականը ներկայացուցած էր, սակայն նախարարութենէն ոչ հերքած էին եւ ոչ հաստատած այդ տեղեկութիւնը:
Էրիկ Գրիգորեան շրջակայ միջավայրի նախարար նշանակուած է 2019-ի Յունիս 1-ին, մինչ այդ, 2018 թուականի թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ, Մայիս 12-էն գրաւած է բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնը: