Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. Հետախուզութիւն Յայտարարուած է Գուրգէն Խաչատրեանի Դէմ

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. Հետախուզութիւն Յայտարարուած է Գուրգէն Խաչատրեանի Դէմ

by MassisPost

Հետախուզութիւն յայտարարուած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին ղեկավար Գագիկ Խաչատրեանի որդիին՝ Գուրգէն Խաչատրեանին դէմ, քանի որ ան թաքնուուած է քննութենէն, կը յայտարարէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, աւելցնելով, որ միջոցներ ձեռնարկած են փախուստի դիմած մեղադրեալին յայտնաբերելու ու պատասխանատուութեան կանչելու։

Դատարանը Գուրգէն Խաչատրեանին կալանաւորելու որոշում առած էր, սակայն ան չէր ներկայացած իրաւապահներուն: Արդեօ՞ք «Իւքոմ» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գուրգէն Խաչատրեանը լքած է երկիրը, թէ՞ ոչ, իր պաշտպան Երեմ Սարգսեան կը հրաժարի մեկնաբանելէ։ Իսկ թէ ինչո՞ւ կը թաքնուի իրաւապահներէն, ինքը` Խաչատրեան, տարածուած յայտարարութեամբ հիմնաւորած է, թէ պատճառը՝ իր նկատմամբ կատարուած անօրինական ու ուղղորդուած գործողութիւններն են.

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ծաւալուն հաղորդագրութեամբ Խաչատրեաններու ընտանիքին վերաբերող քրէական գործի մասին՝ ներկայացուցած է որոշ մանրամասնութիւններ, թէ Խաչատրեանի որդիներն ու ազգականը, անոր պաշտօնով պայմանաւորուած, հարկային եւ մաքսային մարմիններուն ապրանքներ մատակարարելու եւ տեղեկատուական ոլորտէն ներս ծառայութիւններ մատուցելու նպատակով հիմնադրած են առեւտրային կազմակերպութիւն։ Իսկ ինքը` Գագիկ Խաչատրեան, պաշտօնէական դիրքը շահագործելով եւ անձնական շահերէ ելնելով, աջակցած է այդ կազմակերպութիւններուն:

Խաչատրեանները, ըստ ԱԱԾ-ի, պաշտօնէական դիրքը օգտագործելով, պետութենէն յափշտակած են աւելի քան 1,5 միլիառ դրամ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ այդ յափշտակութեան հետեւանքով ձեռք բերուած գոյքի յանցաւոր ծագումը եւ իրական պատկանելիութիւնը թաքցնելու նպատակով, այդ գոյքի օգտագործումէն ստացուած եկամուտները տարբեր եղանակներով ու այլ անձերու անուններով փոխակերպուած են կանխիկ դրամական միջոցներու, որոնք փաստացի տնօրինուած են Խաչատրեաններու ընտանիքի ու անոնց ազգականի կողմէն, եւ երրորդ անձի միջոցով մուտքագրուած են «Իւքոմ» ընկերութիւն:

Ըստ Խաչատրեանի փաստաբան Երեմ Սարգսեանին՝ իր պաշտպանեալը, որ մեղադրուած է փողերու լուացմամբ եւ առանձնապէս խոշոր չափով կաշառք ստանալու օժանդակելով, պատրաստ է ներկայանալ իրաւապահներուն, եթէ գործողութիւնները վերադառնան օրինականութեան դաշտ։

Գուրգէն Խաչատրեան, «Իւքոմի» հիմնական սեփականատէրերէն մէկը, իր եւ ընտանիքին անդամներուն առնչուող քրէական գործը «պետութեան կողմից ազատ տնտեսական գործունէութեան եւ մարդու անձնական կեանքի կոպիտ միջամտութիւն» որակած է։ Ան նախապէս յայտարարած էր, թէ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մակարդակով պահանջուած էր վաճառել «Իւքոմը», առանց նշելու թէ որոնք պահանջած են: Այս յայտարարութեան արձագանգած էր վարչապետի մամլոյ խօսնակ Մանէ Գէորգեան, իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ  գրելով, թէ ՊԵԿ(Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն) նախկին նախագահի ընտանիքը ամենատարբեր առիթներով, պատրաստակամութիւն յայտնած է վերադարձնել թալանածն ու վերականգնել պետութեան պատճառուած վնասը: Ըստ Երեմ Սարգսեանին, նոյն քրէական գործով, վկայի կարգավիճակով ԱԱԾ հրաւիրուած են նաեւ Գուրգէն Խաչատրեանի մայրն ու կինը, որոնք ցուցմունք չեն տուած։

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը խուզարկած է «Իւքոմի» նոր տնօրէն Արա Խաչատրեանի բնակարանը, մեքենան ու «Իւքոմ»ը։ Սակայն ըստ Երեմ Սարգսեանի Արա Խաչատրեանը որեւէ կարգավիճակ չունի։ ԱԱԾ-ը խուզարկած էր նաեւ Գուրգէն Խաչատրեանի տունը։

Պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ առանձնապէս խոշոր չափով վատնում կատարելու համար մեղադրուող Գուրգէն Խաչատրեանի հայրը՝ ՊԵԿ նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեան այժմ կալանաւորուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment