Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ժամանեց Նիւ Եորք՝ ՄԱԿ-ի 74-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայութեամբ Նիւ Եորքի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի միջեւ ստորագրուեցաւ Շրջանակային համաձայնագիր համագործակցութեան վերաբերեալ: Համաձայնագիրը ստորագրեցին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կէւըն Նիւսըմ: Համաձայնագրով Հայաստանը եւ Քալիֆորնիոյ կը զարգացնեն համապարփակ համագործակցութիւն՝ բոլոր ուղղութիւններով:
Համաձայնագրի ստորագրումէն ետք տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետի հանդիպումը: Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ Շրջանակային համաձայնագրի ստորագրումը կը նպաստէ փոխգործակցութեան խորացման եւ Հայաստան-Քալիֆորնիա կապերու զարգացմանը:
Վարչապետը նշած է, որ Քալիֆորնիան Ամերիկայի հայութեան կեդրոններէն է, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ ամենանորարարական տնտեսութեան ու տեխնոլոգիական ձեռքբերումներ ունեցող նահանգը, եւ Հայաստան հետաքրքրուած է աւելի ամրապնդելու կապերը ԱՄՆ ամենահայաշատ նահանգներէն մէկուն հետ:
Քալիֆորնիոյ նահանգապետը ողջունած է Հայաստանի վարչապետի այցը ԱՄՆ՝ նշելով, որ Քալիֆորնիայի հայութեանը մեծ դերակատարութեան ունի նահանգի զարգացման եւ հայ-ամերիկեան կապերու ամրապնդման գծով: Ան յայտնած է որ, Քալիֆորնիան եւս կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան զարգացումը եւ համատեղ ծրագիրներու իրականացումը: