Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յայտնաբերուած Է Նախկին Ոստիկանապետ Հայկ Յարութիւնեանի Դին

Յայտնաբերուած Է Նախկին Ոստիկանապետ Հայկ Յարութիւնեանի Դին

by MassisPost

Յայտնաբերուած է 2003-2008 թուականներուն Հայաստանի ոստիկանութեան պետի պաշտօնը զբաղեցուցած Հայկ Յարութիւնեանի դին՝ գլխու շրջանին հրազէնային վնասուածքով: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած են Ոստիկանութենէն:

Ոստիկանութեան նախնական վարկածով՝ տեղի ունեցածը ինքնասպանութիւն է: Քննչական կոմիտէի Կոտայքի մարզային քննչական վարչութենէն ներսքննութիւն կը կատարուի՝ մահուան դէպքի հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

«Նախնական տուեալներով՝ 2019 թուականի Սեպտեմբեր 23-ին՝ ժամը 23: 59-ին ահազանգ է ստացուել, որ Բջնիի առանձնատներից մէկում դի կայ: Դէպքի վայր է մեկնել քննչական խումբ, որտեղ գլխի շրջանում հրազէնային վիրաւորումով յայտնաբերուել է Հայկ Յարութիւնեանի դին», – Ֆէյսպուքի էջինգրած է Քննչական կոմիտէի խօսնակ Նայիրա Յարութիւնեանը:

Դէպքի առթիւյարուցուած է քրէական գործ՝ քրէական օրէնսգիրքի 110-րդ յօդուածի 1-ին մասի (սպառնալիքի, դաժան վերաբերմունքի կամ անձնական արժանապատւութիւնը պարբերաբար նուաստացնելու ճանապարհով անձին անուղղակի դիտաւորութեամբ կամ անզգուշութեամբ ինքնասպանութեան կամ ինքնասպանութեան փորձի հասցնելը) յատկանիշներով:

«Կատարուել է դէպքի վայրի զննութիւն, որտեղ յայտնաբերուել է արնանման հետքեր: Յայտնաբերուել է հրազէն եւ պարկուճ», – փոխանցած է Քննչական կոմիտէի խօսնակը՝ խոստանալով լրացուցիչ տեղեկատվութիւն տրամադրել:
Յարութիւնեանը Մարտ 1-ի գործով վկայի կարգավիճակ ունէր:

Քննչական կոմիտէի խօսնակը աւելի ուշ նոր գրառում կատարած է: «Յայտնում ենք, որ Հայկ Յարութիւնեանի մահուան դէպքի հանգամքները պարզելու նպատակով հարցաքննուել է դէպքի վայրում նրա հետ գտնուող անձը:

Վերջինս յայտնել է Հայկ Յարութիւնեանի հետ ունեցած խօսակցութեան բովանդակութիւնը, որը առնչութիւն չի ունեցել Մարտի 1-ի դէպքերի առթիւ քննուող քրէական գործի շրջանակներում նրա վրայ ճնշումներ գործադրելուն եւ առհասարակ որեւէ անձի կողմից ճնշումներ գործադրելուն», – նշած է Յարութիւնեանը՝ լրատուամիջոցներուն յորդորելով զերծ մնալ չճշդուած տեղեկութիւններ հրապարակելէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment