Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիւ Եորքի Մէջ Հայաստանի Եւ Քալիֆորնիոյ Միջեւ Ստորագրուեցաւ Համաձայնագիր Համագործակցութեան Վերաբերեալ

Նիւ Եորքի Մէջ Հայաստանի Եւ Քալիֆորնիոյ Միջեւ Ստորագրուեցաւ Համաձայնագիր Համագործակցութեան Վերաբերեալ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ժամանեց Նիւ Եորք՝ ՄԱԿ-ի 74-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայութեամբ Նիւ Եորքի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի միջեւ ստորագրուեցաւ Շրջանակային համաձայնագիր համագործակցութեան վերաբերեալ: Համաձայնագիրը ստորագրեցին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կէւըն Նիւսըմ: Համաձայնագրով Հայաստանը եւ Քալիֆորնիոյ կը զարգացնեն համապարփակ համագործակցութիւն՝ բոլոր ուղղութիւններով:

Համաձայնագրի ստորագրումէն ետք տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետի հանդիպումը: Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ Շրջանակային համաձայնագրի ստորագրումը կը նպաստէ փոխգործակցութեան խորացման եւ Հայաստան-Քալիֆորնիա կապերու զարգացմանը:

Վարչապետը նշած է, որ Քալիֆորնիան Ամերիկայի հայութեան կեդրոններէն է, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ ամենանորարարական տնտեսութեան ու տեխնոլոգիական ձեռքբերումներ ունեցող նահանգը, եւ Հայաստան հետաքրքրուած է աւելի ամրապնդելու կապերը ԱՄՆ ամենահայաշատ նահանգներէն մէկուն հետ:

Քալիֆորնիոյ նահանգապետը ողջունած է Հայաստանի վարչապետի այցը ԱՄՆ՝ նշելով, որ Քալիֆորնիայի հայութեանը մեծ դերակատարութեան ունի նահանգի զարգացման եւ հայ-ամերիկեան կապերու ամրապնդման գծով: Ան յայտնած է որ, Քալիֆորնիան եւս կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան զարգացումը եւ համատեղ ծրագիրներու իրականացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment