Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աւետարանչականի Սիրոյ Արտայայտութեան Երկկողմանի Ազդեցութիւնը Վազաշէնի Ընտանիքին Վրայ՝ Նոր Տուն եւ Տան Հօր Վերադարձը Գիւղի Տուն

Աւետարանչականի Սիրոյ Արտայայտութեան Երկկողմանի Ազդեցութիւնը Վազաշէնի Ընտանիքին Վրայ՝ Նոր Տուն եւ Տան Հօր Վերադարձը Գիւղի Տուն

by MassisPost

ՀԵՏՔ Լրատուական Կայքէջը Օգոստոս 2018-ին գրած էր Հայաստանի Տավուշի Մարզի սահմանամերձ Վազաշէն գիւղը իր երեք փոքր զաւակներուն հետ ապրող Արմենուհի Հակոբյանի ընտանիքին մասին։ Գիւղի դիրքը ընդամէնը քանի մը հարիւր մեդր հեռաւորութեան վրայ թշնամիի կրակոցներէն եւ բնակիչներուն օրուան ապրուստը ապահովելու դժուարութիւնները՝ ալ աւելի կը բարդացնեն կեանքը Վազաշէնի մէջ։

Արմենուհիին ամուսինը ստիպուած էր Ռուսաստան մեկնիլ աշխատանքի՝ իր ընտանիքի ապրուստը ապահովելու համար։ Արդէն 15 տարիներէ իվեր ընտանիքը կը բնակէր գիւղի մուտքին՝ խարխուլ շէնքի մը երկրորդ յարկին վրայ գտնուող երկու սենեականոց տան մը մէջ՝ վատ բնակութեան պայմաններով – Վառելանիւթի չգոյութիւն, անձրեւային փոթորիկներու ժամանակ տանիքէն ջուրի խուժում դէպի տուն եւ փլատած աստիճաններէն վեր ու վար բարձրանալու վտանգ։ Հարցը ոչ միայն շէնքի վիճակն էր, որը կրնար որեւէ ժամանակ փուլ գալ, այլ անոր դիրքը գիւղի մուտքին՝ հակառակորդի անմիջական թիրախին ներքեւ՝ շէնքի պատերուն հին եւ նոր հրացանային հետքերով։ Ընտանիքը ստիպուած էր հակառակորդի կողմը գտնուող պատուհանները միշտ ծածկուած պահել, որպէսզի թշնամին չի տեսնէ տան լոյերը եւ թիրախաւորէ տունը։ Իսկապէս Աստուծոյ մէկ հրաշքն էր որ ընտանիքը այդքան ժամանակ գոյատեւած էր այդ շէնքին մէջ։ Ընտանիքի տնտեսական կացութեան պատճարով, անոնք չէին կարողացած աւելի ապահով տուն փոխադրուիլ ոչ Վազաշէն գիւղին մէջ, ոչ ալ հարեւան այլ գիւղի մը մէջ։ Արմենուհին ոչ մէկ ելք կը գտնէր իր ընտանիքի այս իրաիվճակէն դուրս գալու։

The family in the new house yard

Երբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) ՀԵՏՔ Կայքէջէն իմացաւ այս ընտանիքի իրավիճակին մասին, անմիջապէս իր օգնութեան ձեռքը երկարեց անոնց գիւղէն տուն ապահովելով, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ շինանիւթեր գնելով տան վերանորոգման աշխատանքներուն համար։ Այս բոլորին որպէս արդիւնք, ընտանիքի հայրը Ռուսաստանէն տուն վերադարձաւ եւ սկսաւ տան վերանորոգման աշխատանքներուն։ 2019-ի առաջին եռամսեակի ընթացքին վերանորոգման մեծ մասը արդէն աւարտած էր։ ԱՀԱԸ-ի բարեգործութեան այս սիրոյ արտայայտութիւնը երկկողմանի ազդեցութիւն ունեցաւ։ Ընտանիքը այժմ ունի ապահով տուն, եւ տան հայրը Ռուսաստանէն վերադարձած է տուն եւ միացած իր ընտանիքին։

ԱՀԱԸ-ը շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն բոլոր նուիրատուներուն, որոնք մեծ զոհողութիւններու գնով հնարաւորութիւն կուտան Հակոբյան ընտանիքին եւ իրենց նման այլ ընտանիքներուն յաղթարարել կենցաղային դժուարութիւնները եւ ապրիլ բարեկեցիկ կեանքով։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment