ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի խնամի, Վատիկանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հօր՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի նախկին տնօրէն Արա Մինասեանի մեղադրանքը վերաորակուած է, խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:
Այս մասին յայտարարած է Քննչական կոմիտէն եւ ընդգծած՝ նկատի ունենալով, որ Մինասեանը կը թաքնուի քննութենէն եւ պարզ չէ անոր գտնուելու վայրը՝ Արա Մինասեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:
Սերժ Սարգսեանի խնամի Արա Մինասեանը կը մեղադրուի փաստաթուղթեր կեղծելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերու խարդախութիւն կատարելու մէջ: Եւս քանի մը դրուագ աւելցած է:
Քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Նայիրա Յարութիւնեանը մանրամասնած է․ – «Արա Մինասեանին այս պահի դրութեամբ մեղադրանք է առաջադրուել: Առանձնապէս խոշոր չափի իւրացում կատարելու մասին է խօսքը, եւ այդ յօդուածով երկու դրուագով է միաժամանակ մեղադրանք առաջադրուել Արա Մինասեանին: Իր կարգադրիչ լիազօրութիւնների բժշկական կեդրոնի շահերին հակառակ օգտագործելով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պատճառուել է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 908 միլիոն դրամից աւել գոյքային վնաս: Առանձնապէս խոշոր չափի՝ 45 միլիոն 402 հազար 392 դրամ, 27 միլիոն դրամից աւելի ՀՀ դրամ վատնում կատարելու եւս կայ երկու դրուագ: Եւ մի խումբ անձանց կողմից նախնական համաձայնութեամբ փաստաթղթերի կեղծիք կատարելու համար»:
Արա Մինասեանի փաստաբան Տիգրան Ղազարեանը հրաժարած է հարցազրոյցէն՝ ըսելով, թէ Քննչական կոմիտէի տարածած յայտարարութեան դեռ ծանօթ չէ: Նշած է, որ պիտի խօսի, երբ ծանօթանայ եւ լիազօրուի:
Յիշեցնենք, որ յեղափոխութենէն ետք «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի նախկին տնօրէն Արա Մինասեանը դատի տուած է Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը: Մինասեանի փաստաբանը դատարանէն ներս պնդած է, որ նախորդ տարուան յուլիսին նախարար Թորոսեանը իր ֆէյսպուքեան էջի ուղիղ եթերի ժամանակ Մինասեանի հասցէին զրպարտիչ յայտարարութիւններ ըրած է:
Դատարանը բաւարարած է այս հայցն ու պարտաւորեցուցած է նախարարին հրապարակաւ ներողութիւն խնդրել:
Իսկ Առողջապահութեան նախարարը չընդունիր այս պնդումները, եւ ներողութիւն չի խնդրեր, աւելին՝ վերաքննիչի մօտ կը բողոքարկէ վճիռը: