Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Բժշկական Կեդրոնի Նախկին Տնօրէն Արա Մինասեանի Նկատմամբ Յայտարարուած է Հետախուզում

«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Բժշկական Կեդրոնի Նախկին Տնօրէն Արա Մինասեանի Նկատմամբ Յայտարարուած է Հետախուզում

by MassisPost

ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի խնամի, Վատիկանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հօր՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի նախկին տնօրէն Արա Մինասեանի մեղադրանքը վերաորակուած է, խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Այս մասին յայտարարած է Քննչական կոմիտէն եւ ընդգծած՝ նկատի ունենալով, որ Մինասեանը կը թաքնուի քննութենէն եւ պարզ չէ անոր գտնուելու վայրը՝ Արա Մինասեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:

Սերժ Սարգսեանի խնամի Արա Մինասեանը կը մեղադրուի փաստաթուղթեր կեղծելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերու խարդախութիւն կատարելու մէջ: Եւս քանի մը դրուագ աւելցած է:

Քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Նայիրա Յարութիւնեանը մանրամասնած է․ – «Արա Մինասեանին այս պահի դրութեամբ մեղադրանք է առաջադրուել: Առանձնապէս խոշոր չափի իւրացում կատարելու մասին է խօսքը, եւ այդ յօդուածով երկու դրուագով է միաժամանակ մեղադրանք առաջադրուել Արա Մինասեանին: Իր կարգադրիչ լիազօրութիւնների բժշկական կեդրոնի շահերին հակառակ օգտագործելով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պատճառուել է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 908 միլիոն դրամից աւել գոյքային վնաս: Առանձնապէս խոշոր չափի՝ 45 միլիոն 402 հազար 392 դրամ, 27 միլիոն դրամից աւելի ՀՀ դրամ վատնում կատարելու եւս կայ երկու դրուագ: Եւ մի խումբ անձանց կողմից նախնական համաձայնութեամբ փաստաթղթերի կեղծիք կատարելու համար»:

Արա Մինասեանի փաստաբան Տիգրան Ղազարեանը հրաժարած է հարցազրոյցէն՝ ըսելով, թէ Քննչական կոմիտէի տարածած յայտարարութեան դեռ ծանօթ չէ: Նշած է, որ պիտի խօսի, երբ ծանօթանայ եւ լիազօրուի:

Յիշեցնենք, որ յեղափոխութենէն ետք «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի նախկին տնօրէն Արա Մինասեանը դատի տուած է Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը: Մինասեանի փաստաբանը դատարանէն ներս պնդած է, որ նախորդ տարուան յուլիսին նախարար Թորոսեանը իր ֆէյսպուքեան էջի ուղիղ եթերի ժամանակ Մինասեանի հասցէին զրպարտիչ յայտարարութիւններ ըրած է:

Դատարանը բաւարարած է այս հայցն ու պարտաւորեցուցած է նախարարին հրապարակաւ ներողութիւն խնդրել:

Իսկ Առողջապահութեան նախարարը չընդունիր այս պնդումները, եւ  ներողութիւն չի խնդրեր, աւելին՝ վերաքննիչի մօտ կը բողոքարկէ  վճիռը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment