Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հաւատարիմ մնալով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրէնքներուն եւ իր ստանձնած միջազգային յանձնառութիւններուն, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) օժանդակութեամբ եւ անոր հովանիին տակ իրականացուցած է Մարտ 16-ին ՀՀ պետական սահմանն ապօրինի հատած Էլվին Արիֆ Օղլու Իպրահիմովը Ատրպէյճան տեղափոխելու գործընթացը:
ՀՀ ԱԳՆ-էն նաեւ կը յայտնեն, որ Յունիս 28-ին Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ վերոնշեալ անձը յանձնուած է Ատրպէյճանի մէջ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը մարդասիրական այս քայլը իրականացուցած է առանց որեւէ նախապայմանի:
Աւելի ուշ նախարարութենէն յայտնեցին, որ Յունիս 28-ին Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն փոխանցուած է 2017-ի Յունիս 20-ին չբացայայտուած պայմաններու մէջ Ատրպէյճանի տարածքին յայտնուած ՀՀ քաղաքացի Զաւէն Կարապետեանը:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան Մարտ 16-ին ժամը 01:30-ի մօտ ՀՀ հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիի մէջ հայ դիրքապահներու կողմէ յայտնաբերուած եւ նախազգուշացումէ ետք վնասազերծուած է ՀՀ պետական սահմանը խախտած Ատրպէյճանի Ղազախի շրջանի բնակիչ, 1986-ին ծնած Էլվին Արիֆ Օղլու Իպրահիմովը:
Զաւէն Կարապետեանը սահմանը անցած էր 2017-ին: