Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան եւ Ատրպէյճան Փոխանակած են Կալանաւորուած Քաղաքացիներ

Հայաստան եւ Ատրպէյճան Փոխանակած են Կալանաւորուած Քաղաքացիներ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հաւատարիմ մնալով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրէնքներուն եւ իր ստանձնած միջազգային յանձնառութիւններուն, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) օժանդակութեամբ եւ անոր հովանիին տակ իրականացուցած է Մարտ 16-ին ՀՀ պետական սահմանն ապօրինի հատած Էլվին Արիֆ Օղլու Իպրահիմովը Ատրպէյճան տեղափոխելու գործընթացը:

ՀՀ ԱԳՆ-էն նաեւ կը յայտնեն, որ Յունիս 28-ին Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ վերոնշեալ անձը յանձնուած է Ատրպէյճանի մէջ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մարդասիրական  այս քայլը իրականացուցած է առանց որեւէ նախապայմանի:

Աւելի ուշ  նախարարութենէն յայտնեցին, որ Յունիս 28-ին Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն փոխանցուած է 2017-ի Յունիս 20-ին չբացայայտուած պայմաններու մէջ Ատրպէյճանի տարածքին յայտնուած ՀՀ քաղաքացի Զաւէն Կարապետեանը:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան Մարտ 16-ին ժամը 01:30-ի մօտ ՀՀ հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիի մէջ հայ դիրքապահներու կողմէ յայտնաբերուած եւ նախազգուշացումէ ետք վնասազերծուած է ՀՀ պետական սահմանը խախտած Ատրպէյճանի Ղազախի շրջանի բնակիչ, 1986-ին ծնած Էլվին Արիֆ Օղլու Իպրահիմովը:

Զաւէն Կարապետեանը սահմանը անցած էր 2017-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment