Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալեն Սիմոնեան. «Ակնյայտ է, Որ Սա Վերածուելու է Վարչապետի Ուղիղ Ընտրութեան»

Ալեն Սիմոնեան. «Ակնյայտ է, Որ Սա Վերածուելու է Վարչապետի Ուղիղ Ընտրութեան»

by MassisPost

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչ, պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեանը կարեւորած է, որ իրենք կրցած են նախադրեալներ ստեղծել, որպէսզի ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունենայ «ձեւաւորել իր պատկերացուցած, իր ցանկացած Ազգային ժողովը»:

«Քաղաքացիական պայմանագրի» անդամ Ալեն Սիմոնեան ըսած է, որ դեռ կը քննարկեն, թէ քարոզարշաւին ինչ մարտավարութիւն ընտրեն, բայց, պատգամաւորի կարծիքով, 9 Դեկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի վերածուին վարչապետի ուղիղ ընտրութեան:

«Ժողովուրդը պէտք է, բացի իր պատգամաւորին ընտրելուց, հասկանայ, որ այս ընտրութիւնը ինքը կատարելու է նաեւ յօգուտ պարոն Փաշինեանի կամ ընդդէմ պարոն Փաշինեանի», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Սիմոնեանը:

Հանրապետականը, ինչպէս փոխանցած է կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը, ընտրութիւններուն մասնակցիլ-չմասնակցելու հարցը պիտի քննարկէ յաջորդ շաբթուան վերջը` 11 Նոյեմբերին հրաւիրուելիք համաժողովի ընթացքին: Աշոտեանը վստահ է, որ ՀՀԿ-ի ղեկավար Սերժ Սարգսեանը ներկայ պիտի ըլլայ:

Արտահերթին մասնակցելու վերջնական որոշումը, ըստ Աշոտեանի, կուսակցութեան գործադիր մարմինը պիտի կայացնէ, բայց քննարկումները բուռն են: Ան վստահեցուցած է թէ առայժմ կարծիք չէ յայտնած Սերժ Սարգսեանը:
Շարք մը հանրապետականներու խօսքով, սակայն, տրամադրուածութիւնը առաւելապէս մասնակցելու օգտին է:

Հանրապետական կուսակցութեան մասնակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն, ըստ Ալեն Սիմոնեանի, աւելի պիտի հեշտացնէ իրենց քարոզչութիւնը: Ոչ միայն անոնց կառավարման տարիները, այլեւ յեղափոխութենէն ետք Հանրապետականի գործելաոճը, Սիմոնեանի կարծիքով, խիստ բացասական անդրադարձած է անոնց վարկանիշին վրայ, – «Կարծում եմ, ժողովուրդը իր գնահատականը կը տայ, եւ այն տրամաբանութիւնը, որ կրկին հնարաւոր կը լինի Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդին խաբել, չի աշխատելու: Որովհետեւ նոյնիսկ եթէ ելնենք էն բանից, որ վեց ամսուայ ընթացքում մեր կառավարութիւնը կարող էր մի շրջադարձային բան անէր ու չի արել, դա որեւիցէ կերպով չի ջնջում եւ մոռացութեան չի մատնում այն քսան տարիները, որ իրենք Հայաստանի Հանրապետութիւնում իրենց այդպէս պահեցին»:

Հարցին, թէ պիտի կարենայ արդեօք ՀՀԿ-ն յաղթահարել անցողիկ շեմը, Սիմոնեանը արձագանգած է, – «Հանրապետական կուսակցութեան ցանկում կան մարդիկ, որոնց ես կ’ուզենամ տեսնել պետական կառավարման մէջ մասնակցութեան ձեւով: Բայց ես կարծում եմ, որ դա իրենց չի յաջողուելու, որովհետեւ այդ ժամանակը անցել է»:
Յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին յայտարարած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան մէջ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Միքայէլ Մելքումեանի խօսքով, դեռ յստակութիւն չկայ, թէ ինչ մարտավարութեամբ պիտի երթան քարոզարշաւի:

Քննարկումներ այդ մասին, ինչպէս նաեւ ցուցակի շուրջ, չեն եղածգ – «Այս պահին որեւէ ընդհանուր քննարկում չկայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment