«Ատրպէյճանի ուրախութիւնը Թուրքիոյ ուրախութիւնն է, Ատրպէյճանի ցաւը Թուրքիոյ ցաւն է»,- 15 Սեպտեմբերին, այս մասին Պաքուի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան` թրքական Կովկասեան բանակին նուիրուած հեծելազօրքի շքերթի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
Ընդգծելով, որ Թուրքիան Ատրպէյճանի կարեւորագոյն գործընկերն է, յատկապէս քաղաքական եւ զինուորական ոլորտներուն մէջ, Էրտողան հաւաստած է, թէ Թուրքիան մինչեւ վերջ պիտի աջակցի Ատրպէյճանի ջանքերուն, վերջինիս համար ծանրագոյն խնդիրը` ղարաբաղեան տագնապը լուծելու հարցին մէջ:
«Ժամանակը եկած է վերջ դնելու սպասումներուն մեր աւելի քան մէկ միլիոն եղբայրներուն, որոնք տարիներ շարունակ կապրի՛ն հայրենիքի կարօտով: Անոնք, որոնք բռնագրաւուած կը պահեն եղբայրական Ատրպէյճանի տարածքին 20 առ հարիւրը, ի զուր մեզմէ սահմանի բացում կակնկալե՛ն: Տուեալ հարցին մէջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը յայտնի է, յստակ է եւ ճշգրիտ»,- յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով,- «այդ հարցին մէջ առաջին քայլիը պէտք է ձեռնարկէ բռնագրաւողը»:
Էրտողան միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, որ Թուրքիայ կ’ուզէ բարելաւել կամ «շարունակել բարի կապերը» բոլոր դրացիներուն հետ, սակայն, անոր համաձայն, ղարաբաղեան տագնապի լուծումը կը հանդիսանայ Հայաստանի հետ կապերու վերսկսման կարեւորագոյն պայման: