Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագիծի Տաւուշի Հատուածին Հնչած են Կրակոցներ

Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագիծի Տաւուշի Հատուածին Հնչած են Կրակոցներ

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը «Ազատութեան» փոխանցեց, որ անցած գիշեր հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծին Տաւուշի մարզի հատուածին եւս հնչած են կրակոցներ՝ միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ նախորդ օրերու համեմատ կրակոցները Տաւուշի ուղղութեամբ աւելի քիչ եղած են։

«Համեմատաբար հանգիստ, քիչ կրակոցներով նախորդ օրերին համեմատ: Եղել է հիմնականում Տաւուշում՝ առանց հետեւանքների: Զօրքը ընդհանրապէս չի տուժել», – ըսաւ Յովհաննիսեանը:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Ատրպէյճանի զինուժը Սեպտեմբերի լոյս 16-ի գիշերը կրակ բացած էր ոչ թէ Տաւուշի մարզի Կոթի գիւղի, այլ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան 3-րդ բանակային կորպուսի ուղղութեամբ։

«Հայկական կողմն իր գործողութիւններով լռեցրել է հակառակորդին», – ըսեր է Յովհաննիսեանը՝ նշելով, որ ատրպէյճանական կողմի կէսգիշերին՝ 40 րոպէ տեւած գնդակոծութեան հետեւանքով ոտքի շրջանին թեթեւ վիրաւորուած է Կոթիի բնակիչ Սուրէն Սեփխանեանը ( 1957-ի ծնունդ): Անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։

Կոթի գիւղի վարչական ղեկավար Ֆելիքս Մելիքեանն «ազատութեան» փոխանցեց, որ գիշերը կրակոցներ հնչած են գիւղի ուղղութեամբ, համայնքը նիւթական վնասներ կրած է:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի վարքագիծին․ – «մենք մշտապէս ընդգծում ենք այն կարեւոր հանգամանքը, որ եթէ մենք լրջօրէն շարժուում ենք դէպի խաղաղ կարգաւորում, իսկ մեզ բոլորիս համար բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը բացառապէս բանակցութիւնների միջոցով եւ բացառապէս Մինսքի խմբի համանախագահութեան շրջանակներում․․․ այս կարեւորագոյն գործօնները գործնական առումով ռէալ իրականացուելիք են, երբ որ մենք նաեւ աշխատում ենք խաղաղութեանը նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղութեամբ: Այն, ինչ որ կատարուել է այս շրջանում, որեւէ կերպ չի նպաստում նման միջավայրի ձեւաւորմանը՝ թ՛է հռետորաբանութեան իմաստով, թ՛է առաւել եւս գործողութիւնների առումով: Դատապարտելի է եւ անընդունելի, որ մենք ունենք լարուածութեան նշաններ, մենք ունենք խաղաղ բնակիչներին թիրախաւորելու գործողութիւններ»:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Տիգրան Բալայեանը նշեց, որ վերջին օրերու լարուածութեան մասին տեղեկացուցած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին եւ միջազգային այլ կառոյցներու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment