Օգոստոս 24-25-ին պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքել: Այցի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ հայ-գերմանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորութեամբ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, Հայաստանի եւ Գերմանիոյ վարչապետները բանակցութիւններու արդիւնքները պիտի ամփոփեն համատեղ մամուլի ասուլիսով: Այցելութեան ծիրէն ներս Մերքել հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ:
Գերմանիոյ վարչապետը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: