Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գլխաւոր Դատախազութիւնը Ստացած է Վերաքննիչ Դատարանի Որոշումը, կը Նախապատրաստէ Վճռաբեկ Բողոքը

Գլխաւոր Դատախազութիւնը Ստացած է Վերաքննիչ Դատարանի Որոշումը, կը Նախապատրաստէ Վճռաբեկ Բողոքը

by MassisPost

«Գլխաւոր դատախազութիւնն ստացել է երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին կալանքից ազատ արձակելու մասին՝ վերաքննիչ դատարանի որոշումը եւ նախապատրաստում է բողոքը»։ Այս մասին «Ազատութեան» տեղեկացուցած են գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնէն: Թէ երբ բողոքը պիտի ուղարկուի վճռաբեկ դատարան, այդ մասին դատախազութիւնէն դեռ մանրամասներ չեն յայտնած։

Վերաքննիչ դատարանի որոշումը ստացած է նաեւ պաշտպանական կողմը: Այդ մասին «Ազատութեան» յայտնած է Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպան Արամ Օրբելեանը, նշելով, որ փաստաբաններու խումբն այս պահին կը քննարկէ իրենց յետագայ ընելիքները ։

Յիշեցնենք՝ 13 Օգոստոսին վերաքննիչ քրէական դատարանը վերացուցած է առաջին ատեանի որոշումը, եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէն ազատ արձակուած է։ Ըստ անոր պաշտպաններուն՝ դատարանն իր այդ որոշման որպէս հիմք ընդունած էր երկրորդ նախագահի անձեռնմխելիութեան իրաւունքը։

Վերաքննիչ դատարանի կողմէն որոշման ընդունումէն ետք Յատուկ քննչական ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր, որու մէջ «ապօրինի» որակած էր այդ որոշումն ու յոյս յայտնած, որ դատախազութիւնը վճռաբեկ բողոք կը ներկայացնէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment