Նախագահի հրամանով` Մհեր Մարգարեանը նշանակուած է Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի.
«Մհեր Մարգարեանը նշանակել Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ (նստավայրը` Նիւ Եորք)»,- ըսուած է հրամանագրին մէջ:
Այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէր Զոհրապ Մնացականեանը, մինչեւ արտաքին գործոց նախարար նշանակուիլը: