Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հանդիպած են ՀՀ եւ ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարները

Հանդիպած են ՀՀ եւ ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարները

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը Մոսկուա կատարած այցի շրջանակէն ներս  Օգոստոս 11-ին հանդիպում ունեցած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուի հետ։

ՊՆ մամլոյ ծառայութեան հաղորդմամբ՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական երկկողմ ռազմաքաղաքական, ռազմական եւ ռազմաթեխնիքական համագործակցութեան ընթացիկ խնդիրներն ու յառաջիկայ ընելիքները։ Կողմերն անդրադարձած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս՝ Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութեան ( ՀԱՊԿ) շրջագիծէն ներս համատեղ ծրագիրներուն։

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տիրող իրավիճակին, երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները կարեւորած են փոխադարձ վստահութեան եւ համատեղ ռազմավարական դաշնակցային շահերուն վրայ հիմնուած պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական կեանքի կոչումը։

Դաւիթ Տօնոյեանն իր գործընկերոջը ներկայացուցած է արցախա-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծին եւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին, մասնաւորապէս՝ նախիջեւանեան ուղղութեամբ տիրող իրավիճակը։ Իր հերթին, հայկական կողմի խնդրանքով, ՌԴ պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ տիրող գործնական եւ մարդասիրական իրավիճակը։ Պաշտպանութեան նախարարը վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին համակողմանի մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու մտադրութիւնը։ Խօսելով  ռազմաթեխնիքական համագործակցութեան խնդիրներուն մասին, ՀՀ եւ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարները կարեւորած են այս ոլորտի մէջ առկայ ծրագիրներու ժամանակին իրականացումը։

Հանդիպման ժամանակ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարն իր գործընկերոջը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Համաբանակային խաղերու փայլուն կազմակերպման համար եւ շնորհաւորած Ռուսաստանի Զինեալ Ուժերու խումբերու գերազանց ելոյթներու կապակցութեամբ։

Այցի շրջածիրէն ներս Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եղած է նաեւ ՌԴ Զինուած Ուժերու զինուորական եւ ռազմահայրենասիրական «Փաթրիոթ» կեդրոն եւ հանդիպած է կեդրոնի ներկայացուցիչներու՝ Ալեքսանտր Պոչանցեւի եւ Ռազմամարտավարական խաղերու ֆետերացիայի նախագահ Միխայիլ Գալստեանի հետ: Միտքեր փոխանակուած են ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան եւ առողջ ապրելակերպի գործին մէջ երիտասարդներու ներգրաւման եւ մասնակցութեան փորձի  վերաբերեալ: Դաւիթ Տօնոյեանը բարձր գնահատած է կեդրոնի դերը ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան գործին մէջ: Միխայիլ Գալստեանը կիսուած է ռազմամարտավարական խաղերու զարգացման փորձով եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է օգնելու ՀՀ-ի մէջ այս ոլորտի զարգացման: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է երկկողմ համագործակցութեան վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment