Վերաքննիչ դատարանը Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի հարցով որոշում պիտի հրապարակէ Երկուշաբթի Օգոստոս 13-ին, ժամը 16:00-ին: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է նախկին նախագահի փաստաբան Արամ Օրբելեանը:
Պաշտօնաթող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու՝ առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ վերաքննիչ բողոքի մեկնարկած քննութիւնը կը շարունակուի: Նիստը կ’անցնի դռնփակ:
Ըստ Քոչարեանի փաստաբան Հայկ Ալումեանի, ձգձգման պատճառն այն է, որ դեռ բաւականաչափ փաստարկներ կան, որոնք դատարանին պէտք է ներկայացնեն ինչպէս մեղադրող, այնպէս ալ պաշպանական կողմերը: Այս պահուն վերաքննիչ բողոքի վերաբերեալ իր առարկութիւնները կը ներկայացնէ մեղադրող կողմը:
Երէկ Փաստաբան Հայկ Ալումեանը դատարանէն ներս Ռոպերթ Քոչարեանի ունեցած ելոյթը «փայլուն» որակած է, համարելով, որ իմաստ ունի հրապարակել այդ ելոյթի զգալի մասը:
Վերաքննիչ դատարանին մէջ լսուած էր երկու միջնորդութիւն: Անոնցմէ մէկով պահանջուած է բեկանել առաջին ատեանի դատարանի որոշումն ու կալանքէն ազատ արձակել Ռոպերթ Քոչարեանը, միւս միջնորդութեամբ, որ ներկայացուցած է փաստաբան Ալումեանը, առաջարկուած է Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը փոխարինել գրաւի դիմաց ազատ արձակմամբ:
Դատարանի շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց իրականացուցած է Երեւանի աւագանիի «Երկիր Ծիրանի» խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոսթանճեանը: Ան եւ իր թիմակից Սօնա Աղեկեանը պարզած էին «Քոչարեանի տեղը բանտախցում է» գրառմամբ պաստառ: