Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեան անդրադարձած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան մէջ Հայաստանին ձայնի իրաւունքէն զրկելու որոշման։
«Մեզ ձայնից զրկել են այնտեղ, որտեղ բոլորը բարձր լռում էին, երբ մեզ համերաշխօրէն սպաննում էին»,- Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է Ալեն Սիմոնեան։
Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿ Խորհուրդի՝ Նոյեմբեր 11-ին կայացած նիստին որոշում կայացուած է Հայաստանը զրկել ՀԱՊԿ-ի մէջ ձայնի, ինչպէս նաեւ պատասխանատու պաշտօններու մէջ իր թեկնածուները առաջադրելու իրաւունքէն։ Որոշման պատճառը Հայաստանի կողմէ ՀԱՊԿ աշխատանքներուն տեւական ժամանակ չմասնակցիլն ու անդամավճարները չվճարելն է։
Հայաստանը 2024 թուականէն սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ աշխատանքներուն եւ չի վճարեր անդամավճարները։ Օրերս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած բոլոր հետաքրքրութիւնները սպառած կը համարէ։

