Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կեանքէն Հեռացած Է Տարածաշրջանային Հետազօտութիւններու Կեդրոնի Տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեանը

Կեանքէն Հեռացած Է Տարածաշրջանային Հետազօտութիւններու Կեդրոնի Տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեանը

by MassisPost

Սեպտեմբեր 19-ին Սթամպուլի մէջ մահացած է Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի (Regional Studies Center, RSC) հիմնադիր տնօրէն, քաղաքական եւ միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեանը։

Օրեր առաջ Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնը յայտնած էր, որ Կիրակոսեանը գործնական այցով կը գտնուէր Սթամպուլ, ուր անոր առողջական վիճակը վատացած էր։ Անոր մօտ ախտորոշուած էր ուղեղային արիւնազեղում, ուստի ան տեղափոխուած էր Օքմէյտանիի փրոֆեսոր Ճեմիլ Թաշչըօղլուի անուան հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունք։

Ռիչըրտ Կիրակոսեան Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի հիմնադիր տնօրէնն էր եւ աւելի քան 35 տարուայ փորձ ունէր անվտանգութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ։

Տարբեր տարիներուն ան համագործակցած է Ասիական զարգացման դրամատան, Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան, Եւրոպական Խորհրդարանի, Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարարութեան, Միջազգային ճգնաժամային խումբի, ԵԱՀԿ-ի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ պաշտպանութեան եւ պետական քարտուղարութիւններուն հետ։

Կիրակոսեան նաեւ դասախօսած է ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական գոլէճին մէջ եւ պարբերաբար հանդէս եկած է միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ՝ Հայաստանի, Հարաւային Կովկասի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ վերլուծութիւններով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment