Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պիշքեկի Մէջ Փաշինեանն ու Փութինը Քննարկեցին Հայաստանի ԵՄ-ին Ու ԵԱՏՄ-ին Անդամակցութեան Հարցերը

Պիշքեկի Մէջ Փաշինեանն ու Փութինը Քննարկեցին Հայաստանի ԵՄ-ին Ու ԵԱՏՄ-ին Անդամակցութեան Հարցերը

by MassisPost

Սեպտեմբեր 1-ին Պիշքեկի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը։ Հանդիպումը տեւած է շուրջ մէկ ժամ։

Հանդիպման ընթացքին Փաշինեանն ու Փութինը քննարկած են հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացն ու ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան հարցը։

Հանդիպման սկիզբին Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիան կողմ է Հայաստանի հետ բարեկամական եւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման՝ ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու սկզբունքներուն հիման վրայ։

ՌԴ նախագահը անդրադարձած է Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացին։

«Հայաստանի՝ ԵՄ-ին ձգտիլը երկրի եւ ժողովուրդին բնական, օրինական իրաւունքն է։ Հայաստանն ինքնիշխան պետութիւն է, եւ հայ ժողովուրդն է որոշելու իր զարգացման ուղղութիւնը։ Սակայն ատիկա, անշուշտ, դժուարութիւններ կը ստեղծէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մէջ գտնուելու հարցին մէջ եւ կը սպառնայ զրոյական դարձնել Հանրապետութեան առաւելութիւնները Եւրասիական Տնտեսական Միութեան շուկային մէջ եւ խզել ձեւաւորուած առեւտրական շղթաները», ըսած է Փութին։

ՌԴ նախագահը նշած է, որ ԵԱՏՄ-ի համարկման գործընթացներուն Հայաստանի մասնակցութեան աւելի քան տասը տարիներու ընթացքին երկրի ՀՆԱ-ն, ռուսական կողմի վիճակագրութեան համաձայն, գրեթէ եռապատկուած է՝ 2015-ի 10,6 միլիառ տոլարէն 2025-ին հասնելով 29,2 միլիառ տոլարի։

ՌԴ նախագահը յայտարարած է, որ Մոսկուային անհրաժեշտ է հասկնալ Հայաստանի հետագայ քաղաքական-տնտեսական ուղեգիծը՝ իր առեւտրատնտեսական քաղաքականութիւնը անոր համապատասխանեցնելու համար։

Փութին նաեւ նշած է, որ ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի կարգաւորումները, ներառեալ՝ գիւղատնտեսական արտադրանքի, թեքնիքական չափանիշներու եւ ստանդարտներու հարցերուն մէջ, չեն համընկնիր։ Անոր խօսքով՝ խնդիրներ կրնան յառաջանալ նաեւ այն առումով, որ եւրոպական ապրանքներն ու ծառայութիւնները Հայաստանի միջոցով մուտք գործեն ռուսական շուկայ։

Ի պատասխան՝ Փաշինեան հաստատած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ խորացման հարցով։ Միաժամանակ ան նշած է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի շուրջ տարածաշրջանային իրավիճակը փոխուած է, եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն անհրաժեշտ է «թարմ հայեացքով» նայիլ։

«Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները հակամարտային իրավիճակի մէջ այլ իմաստ ունէին, իսկ այժմ, երբ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուած է, մեզի կը թուի, որ անհրաժեշտ է իրավիճակին արդէն թարմ հայեացքով նայիլ», ըսած է Փաշինեան։

Խօսելով ԵՄ-ին անդամակցելու գործընթացին մասին՝ Փաշինեան ըսած է, որ անցեալ տարի ընդունուած է Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկին մասին օրէնքը։ Անոր խօսքով՝ հայկական կողմը վերլուծած է Ռուսիոյ հետ եւ ԵԱՏՄ-ի շրջանակին մէջ Հայաստանի պայմանագրային պարտաւորութիւնները եւ որեւէ խախտում չէ յայտնաբերած։

Փաշինեան նշած է, որ ԵԱՏՄ-ի պայմանագրով սահմանուած է՝ եթէ անդամ երկիրը որոշէ դուրս գալ միութենէն, պէտք է այդ մասին վեց ամիս առաջ տեղեկացնէ գործընկերներուն։

«Այս պահուն մենք մեր գործընկերներուն չենք տեղեկացուցած, որ կը պատրաստուինք դուրս գալ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն։ Կը կարծեմ՝ մենք պէտք է յենինք հէնց այս փաստին վրայ», ըսած է վարչապետը։

«Ասիկա չի նշանակեր, որ մենք դժգոհ ենք Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն», ըսած է Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ ԵՄ-ին առնչուող գործընթացը ուղղուած չէ ո՛չ Ռուսիոյ, ո՛չ ալ ԵԱՏՄ-ի դէմ։

Փութին, սակայն, չէ համաձայնած Փաշինեանի այն պնդումին հետ, որ Հայաստանը ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու մասին չէ յայտարարած։

«Այլ տնտեսական կազմակերպութեան մը անդամակցելու ընթացակարգի մեկնարկին մասին օրէնքի ընդունումը, ըստ էութեան, կը նշանակէ մեր կազմակերպութենէն դուրս գալու մասին յայտարարութիւն, որովհետեւ հոն եւ հոս միաժամանակ գտնուիլը անհամատեղելի է։ Ահա այս է խնդիրը», ըսած է ՌԴ նախագահը։

Փաշինեան արձագանգած է, որ հայկական կողմը կը հասկնայ՝ ժամանակը պիտի գայ, երբ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ յստակ ընտրութիւն կատարել, սակայն, ըստ իրեն, այդ պահը տակաւին չէ հասունացած։

«Երբ ատիկա ստեղծուի, եթէ ստեղծուի, ապա, անշուշտ, մենք ընտրութիւն պիտի կատարենք՝ հանրաքուէի միջոցով կամ առանց հանրաքուէի», ըսած է վարչապետը։

Փութին եզրափակած է՝ համաձայն է, որ ժողովուրդը պէտք է ընտրութեան հնարաւորութիւն ունենայ։

«Դէ, ուրեմն ստեղծեցէ՛ք այդ հնարաւորութիւնը եւ փակենք թեման։ Ահա եւ վերջ։ Հիմա ամենէն պարզը մարդոց դիմելն է եւ հարցնելը՝ ի՞նչ կ՚ուզէք՝ այսպէ՞ս, թէ՞ այնպէս։ Եւ վերջ», ըսած է ՌԴ նախագահը։

Հանդիպման բաց մասին աւարտէն ետք Փաշինեան-Փութին բանակցութիւնները շարունակուած են դռնփակ ձեւաչափով։

Հանդիպումէն ետք Փաշինեան Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ յայտարարած է, որ Փութինի հետ պայմանաւորուած են զրոյցը շարունակել Մոսկուայի մէջ՝ իր յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին։

«Պէտք է արձանագրել, որ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն համար չափազանց կարեւոր են, եւ մենք շատ խնամքով կը վերաբերինք այդ յարաբերութիւններուն, Ռուսաստանի Դաշնութիւնն ալ՝ նախագահ Փութինի գլխաւորութեամբ, խնամքով կը վերաբերի, բայց նաեւ պէտք է արձանագրել, որ նոր միջավայրի, նոր պայմաններու մէջ այդ յարաբերութիւնները վերաձեւակերպելու անհրաժեշտութիւն կայ, եւ այդ վերաձեւակերպման արդիւնքով, ես համոզուած եմ, յարաբերութիւնները պիտի ըլլան աւելի լաւ, աւելի կառուցողական, աւելի փոխշահաւէտ եւ աւելի ջերմ», ըսած է Փաշինեան։

Այս Փաշինեանի եւ Փութինի առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումն էր Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment