Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանն Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Սահմանազատումն Ու TRIPP-ի Իրականացումը

Փաշինեանն Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Սահմանազատումն Ու TRIPP-ի Իրականացումը

by MassisPost

Պիշքեքի մէջ Փաշինեանն ու Ալիեւը քննարկած են Ուաշինկթընի պայմանաւորուածութիւններու բաղադրիչներէն մէկուն՝ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) իրականացման հետագայ քայլերը՝ ընդգծելով տարածաշրջանային կապակցուածութեան նախագիծերու նշանակութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Օգոստոս 31-ին, Պիշքեքի մէջ՝ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովի ծիրին մէջ, հանդիպած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Երկու երկիրներուն ղեկավարները ընդգծած են 2025-ի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան գագաթաժողովի, ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի վկայութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ստորագրուած համատեղ հռչակագրի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի նախաստորագրման պատմական նշանակութիւնը։

Ղեկավարները քննարկած են Ուաշինկթընի խաղաղութեան գագաթաժողովի կարեւոր արդիւնքներէն մէկուն՝ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) իրականացման հետ կապուած հետագայ գործնական քայլերը եւ ընդգծած TRIPP-ի ծիրին մէջ կապակցուածութեան նախագիծերուն կարեւորութիւնը։

Ատրպէյճանական նաւթամթերքի արտահանումը Հայաստան, հացահատիկի եւ երրորդ երկիրներէ ծագող այլ ապրանքներու Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան տարանցումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրային յարաբերութիւններու հաստատումը ընդգծուած են որպէս խաղաղութեան ամրապնդման կարեւոր գործնական դրսեւորումներ: Ղեկավարները նաեւ ողջունած են գործարար համայնքներու միջեւ շփումները եւ միտքեր փոխանակած փոխշահաւէտ տնտեսական, առեւտրային եւ ուժանիւթային համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ։

Կողմերը նշած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման հարցերով համապատասխան պետական յանձնաժողովներու կարեւոր դերը եւ ընդգծած անոնց աշխատանքը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ համաձայն երկու երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն։

Ղեկավարները դրական գնահատած են վստահութեան ամրապնդման ուղղուած խորհրդարանականներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ շփումները՝ նշելով անոնց կարեւորութիւնը փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման եւ խաղաղութեան աւելի լայն օրակարգի աջակցութեան գործին մէջ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են երկկողմ անմիջական շփման միջոցով շարունակել քայլերը՝ ուղղուած տեւական խաղաղութեան ամրապնդման, միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կապակցուածութեան ամրապնդման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment