«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Յովհաննիսեան նշած է, որ ՀԱՊԿ-ը մինչեւ հիմա չէ ճանչցած Հայաստանի սահմանները, որոնցով Հայաստանը անդամակցած է կառոյցին:
Պատգամաւորը պատասխանած է հարցումին, թէ ինչպէս կը վերաբերի այդ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի սպառնալիքին, ըստ որուն՝ Հայաստանը կրնան զրկել ՀԱՊԿ-ի մէջ ձայնի իրաւունքէն, որմէ յետոյ հեռացնել:
Յովհաննիսեան յիշեցուցած է, որ անվտանգային այդ կառոյցը դեռ պէտք է պատասխանէ հարցումին, թէ ինչո՞ւ չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները Հայաստանի նկատմամբ:
«Այս պահին դուք տեսնում էք, որ ՀՀ-ն ամէն բան անում է, որ սեփական ռազմարդիւնաբերութիւնն ունենայ իր սեփական ուժերով, ունենալով տարբեր ռազմավարական գործընկերութեան պայմանագրեր տարբեր երկրների հետ՝ ապահովի իր անվտանգութիւնը եւ ուրեմն զարգացնի իր ռազմական ունակութիւնները, պաշտպանական ունակութիւնները:
«Մենք պատկերացնում ենք Հայաստանը բազմաուղղութիւն յարաբերութիւններ ունենալիս թէ՛ տնտեսական առումով, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ռազմական, այսինքն՝ կրկին ոչ թէ կախուած լինել մէկ կէտից, այլ ունենալ տարբեր կախուածութիւններ»,- նշած է Արթուր Յովհաննիսեանը:

